Շուէտի մանկական օտարալեզու գիրքերու ամենամեծ հաւաքածոն կ'ընդգրկէ նաեւ հայ գրականութիւնը:
Նոր գրադարանը հիմնուած է երկրին մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ պետութիւններու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու, «Աստրիտ Լինտկրեն» հիմնադրամի, Շուէտի բնիկ Սամի համայնքի եւ շուէտական գրադարանային համակարգի հետ գործակցութեամբ:
ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը արտաքին գործոց նախարարութեան միջնորդութեամբ 16 մանկական գիրք նուիրած է, ներառեալ՝ ազգային բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի գործերէն:
Ամբողջական լուրը՝ Panarmenian.am.