Արցախի Հանրապետութեան նախարար Արտակ Բեգլարեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լուսինէ Կարախանեանի հետ Յունուար 29-ին Արցախի գիտական կեդրոնին մէջ ներկայ գտնուեցան «Նարինէ +» կաթնամթերքի գործարանի բացման արարողութեան:
Նախարարը ծանօթացած է փոքրածաւալ արտադրութեան կազմակերպումին, որ կ'իրականացուի կեդրոնի հետազօտութիւններուն արդիւնքներով՝ օգտագործելով ՀՀ ԳԱԱ «Հայկենսատեխնոլոգիա» գիտա-արտադրական կեդրոնի տրամադրած արհեստագիտական սարքաւորումները: Հայաստանի կեդրոնի առաջին արտադրանքը՝ «Նարինէ +» կաթնաթթուային մթերքը, կ'արտադրուի Արցախի տեղական կաթնաթթուային մանրէի հիման վրայ:
Ամբողջական լուրը կարելի է կարդալ «Արմէնփրես»-ի մէջ՝