«Թումո» ստեղծարար արհեստագիտութեանց կեդրոնը պիտի համագործակցի «Rise»-ի հետ՝ «Schmidt Futures»-ի եւ «Rhodes Trust»-ի համաշխարհային նախաձեռնութեան հետ, որ բացառիկ տաղանդաւոր երիտասարդներ կը գտնէ աշխարհով մէկ եւ կ’աջակցի անոնց, երբ անոնք աշխատին՝ ծառայելու ուրիշներուն իրենց կեանքին ընթացքին: Գործընկերութիւնը նպատակ ունի խրախուսելու 15-էն 17 տարեկան երիտասարդները (2023 թուականի յուլիս 1-ի դրութեամբ), որ դիմեն «Rise Challenge»-ին:
Համաշխարհային ծաւալներով տաղանդաւորներուն աջակցելու «Rise» ծրագիրը, որ յառաջացած է Էրիք եւ Վենտի Շմիտթներու 1 միլիառ տոլարի մարդասիրական ներդրումներուն շնորհիւ, կու գայ կեդրոնանալու խոստումնալից երիտասարդները բացայայտելու եւ անոնց հնարաւորութիւններ, պաշարներ եւ աջակցութիւն տրամադրելու վրայ: «Rise Challenge»-ին մաս կազմելով՝, «Rise»-ը տասնեակ հազարաւոր դիմորդներէն պիտի ընտրէ 100 համաշխարհային յաղթողներ, որոնք պիտի միանան «2023 Rise Cohort»-ին: Ծրագիրը նախատեսուած է խրախուսելու ամբողջ կեանքին ընթացքին ծառայութիւնն ու ուսումնառութիւնը՝ տրամադրելով աջակցութիւն, որ կրնայ ներառել կրթաթոշակներ, մասնագիտական ծառայութիւններ եւ հովանաւորչութեան հնարաւորութիւններ, որպէսզի այս առաջնորդները կարենան ծառայել ուրիշներուն՝ գալիք տասնամեակներուն ընթացքին:
Իր հիմնադրման օրէն ի վեր, «Rise»-ը իր համայնքին մէջ ընդունած է շուրջ 170 երկրներէ աւելի քան 150 հազար մարդ, եւ ընտրած է 69 երկրներէ 200 յաղթողներ, որոնք ցուցադրած են իրենց փայլը՝ կրթութիւնը աւելի մատչելի դարձնելէ մինչեւ աշխարհային տաքացումը մեղմելու եւ քաղցկեղը յայտնաբերելու աւելի լաւ գործիքներու մշակումը: «Schmidt Futures»-ը մարդասիրական նախաձեռնութիւն մըն է, որ տաղանդաւոր մարդիկը կը համախմբէ ցանցերու մէջ, որպէսզի իրականացնեն իրենց գաղափարները եւ լուծեն գիտութեան եւ հասարակութեան բարդ խնդիրները:
«Rise»-ը կը գիտակցի, որ տաղանդը կը ստեղծուի հաւասարապէս, սակայն հնարաւորութիւնը՝ ոչ։ Այդ իսկ պատճառաւ` անոնք կը համագործակցին համաշխարհային աւելի քան 30 կազմակերպութիւններու, ներառեալ՝ Թումոյի, «United World College»-ի (UWC), «Manchester United Foundation»-ի, «Teach for All»-ի, «Amideast»-ի եւ «Լատինական Ամերիկայի առաջնորդութեան ակադեմիոյ» հետ՝ աշխարհով մէկ փնտռելով փայլուն երիտասարդներ, որոնք խանդավառ են աւելի լաւ աշխարհ մը կառուցելու:
«Տաղանդներ փնտռելու, զարգացնելու եւ հարստացնելու առաքելութիւններով՝ «Rise»-ը հպարտ է միանալու Թումոյին՝ գտնելու եւ աջակցելու Հայաստանի տարածքին ապրող եւ տարբեր անցեալ ունեցող բացառիկ մարդոց ցանցին, որոնք կարողականութիւն ունին յարատեւ միասին ծառայելու ուրիշներուն»,- ըսած է «Rise»-ի գործադիր տնօրէն Մարք Ճերմանը:
«Մենք ուրախ ենք համագործակցելու «Rise in Armenia»-ի հետ եւ աջակցելու նոր սերունդի երիտասարդ խնդիրներ լուծողներուն՝ աւելի լաւ աշխարհ մը կերտելու իրենց ճանապարհին: «Rise»-ի միջոցաւ` հայ պատանիները կրնան օգտուիլ անգնահատելի պաշարներէ եւ հնարաւորութիւններէ: Մենք կը թիրախաւորենք 15-էն 17 տարեկան իւրաքանչիւր երիտասարդ, որ կը փափաքի ստեղծել ընկերապէս արդիւնաւէտ ծրագիր մը՝ լուծելու յառաջացող խնդիրները եւ համաշխարհային մարտահրաւէրները», - ըսած է Թումոյի զարգացման ղեկավար Բեկոր Փափազեանը:
«Rise»-ի համաշխարհային մրցանակակիրները անհատական եւ ճկուն աջակցութիւն պիտի ստանան, որպէսզի կարենան հասնիլ իրենց նպատակներուն: Ծրագրին նպատակն է մարդոց բացառիկ հնարաւորութիւն տալ՝ նորարարական լուծումներ մշակելով լուծելու հասարակութեան բարդ խնդիրները: «Rise»-ը բոլոր դիմորդներուն, անկախ յաղթողի կարգավիճակէն, կը տրամադրէ իր համաշխարհային ցանցէն օգտուելու առիթ, անվճար առցանց դասընթացներ եւ գործընկերներուն կողմէ ընտրուած հնարաւորութիւններ:
Դիմումին վերաբերեալ տեղեկութիւն ստանալու համար, սեղմեցէ'ք հետեւեալ յղման վրայ.