Search
Close this search box.

Նոր նամականիշ՝ նուիրուած Արտեմ Փաթափութեանին

14 Յունիս 2022-ին շրջանառութեան մէջ դրուած է նամականիշ մը՝ նուիրուած «Աշխարհահռչակ հայեր. Արտեմ Փաթափութեան» թեմային:

350 ՀՀ դրամ անուանական արժէքով նամականիշին վրայ պատկերուած է Արտեմ Փաթափութեան՝ յայտնի հայ գիտնական, մասնիկային կենսաբան, որ 2021 թուականին բնախօսութեան եւ բժշկութեան բնագաւառին մէջ արժանացաւ Նոպէլեան մրցանակի:

Նամականիշին մարումը իրականացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան, Հայաստանի Հանրապետութեան բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարի տեղակալ Դաւիթ Սահակեան, ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Թռչունեան, ՀՀ տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Անի Իսպիրեան, ՀայՓոստ ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Հայկ Կարապետեան, հայազգի գիտնական, Նոպէլեան մրցանակակիր Արտեմ Փաթափութեան, ՀՀ Նամականիշի նմուշահաւաքի հայկական միութեան նախագահ Յովիկ Մուսայէլեան:

Նամականիշի աջ հատուածին մէջ ներկայացուած է Արտեմ Փաթափութեանին շնորհուած Նոպէլեան մրցանակի պատկերը:

Թողարկման օրը` 14 Յունիս 2022
Ձեւաւորումը՝ Դաւիթ Տովլաթեանի
Տպաքանակը՝ 20.000 հ.

https://www.haypost.am/en/news/151

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *