Հայաստանի մէջ Ուրուկուէյի Արեւելեան Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Էտուարտո Ռոզենպրոք Պիտարթը նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին յանձնեց իր հաւատարմագրերը։
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ նորանշանակ դեսպանը նշեց, որ իր առաքելութեան ընթացքին ջանք պիտի չխնայէ հայ-ուրուկուէյական տնտեսական եւ մշակութային կապերը ամրապնդելու եւ քաղաքական երկխօսութիւնը որակական նոր մակարդակի բարձրացնելու համար։
Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ Խորհրդային միութենէն ի վեր, Ուրուկուէյը հայ հասարակութեան համար եղած է բարեկամ երկիր մը, եւ յայտնի է որպէս Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին պետութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին, Հայաստանի նախագահը եւ նորանշանակ դեսպանը քննարկած են թուայնացման, բարձր արհեստագիտութեանց եւ շարք մը այլ ոլորտներէ ներս հայ-ուրուկուէյական համագործակցութեան կարողականութեան վերաբերող բազմաթիւ հարցեր։ Երկուստեք անդրադարձած են Ուրուկուէյի մէջ «Թումո» ստեղծարար արհեստագիտական կեդրոնի բացման հաւանականութեան։ Հանդիպման աւարտին, կողմերը ընդգծած են եկող տարուան ընթացքին Մոնթէվիտէոյի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան բացման կարեւորութիւնը։