Search
Close this search box.

Փաշինեանը եւ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահը քննարկեցին Արցախեան հարցն ու տարածաշրջանային կայունութիւնը

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ֆիլիփ Ռիքէրը դեկտեմբեր 1-ին հանդիպեցան Երեւանի մէջ: Անոնք քննարկեցին Արցախեան հիմնահարցը, ներառեալ՝ Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ քննարկումներու միջազգային գործիքակազմի ձեւաւորումը։
Փաշինեանի գրասենեակէն յայտնեցին, որ զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են Հայաստան-Ատրպէճան յարաբերութեանց կարգաւորման, տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան առնչուող այլ հարցերու շուրջ։
Քննարկուեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներ իրականացնելու նպատակաւ Ամերիկային տրամադրելիք աջակցութիւնը։
Դեսպան Ֆիլիփ Ռիքէրը նաեւ կը ծառայէ որպէս Կովկասի բանակցութիւններու հարցերով Միացեալ Նահանգներու աւագ խորհրդական։

https://hetq.am/en/article/150715

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *