Ամերիկեան PBS-ը յայտարարած է, որ Անի Յովհաննիսեանի «Թաքնուած քարտէզը» մրցանակի արժանացած վաւերագրական ֆիլմը պիտի հեռարձակուի Դեկտեմբեր 9-ին, որ կը համընկնի ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի եւ կանխարգելման համաշխարհային օրուան հետ: Վաւերագրական ֆիլմը հանգամանօրէն կը ներկայացնէ, թէ ինչպէ՛ս հայկական անցեալը թաղուած է ժամանակակից Թուրքիոյ մակերեւոյթին տակ, ինչը բացայայտման կը սպասէ: «Թաքնուած քարտէզը» կը պատմէ ցեղասպանութիւնը վերապրողներու ամերիկահայ թոռնուհիին մասին, որ կը հանդիպի սքոթլանտացի հետախոյզին, եւ անոնք միասին կը գտնեն մասունքներ եւ թաքնուած քարտէզը: Վաւերագրական ֆիլմը որպէս հիմք ունի տարբեր թեմաներ, ինչպէս՝ բացայայտում, յոյս, որ կը պատկանի ամբողջ մարդկութեան, երբեմն նաեւ սրտակեղեքութիւն: Հեռարձակումները կը ներառեն սթիւտիական աշխոյժ զրոյց մը բեմադրիչ Անի Յովհաննիսեանի հետ, ինչպէս նաեւ յատուկ պատգամներ՝ երգիչ Սերժ Թանկեանի, «Բարի օր ԼԱ»-ի հաղորդավար Արաքսիա Կարապետեանի եւ պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի կողմէ: Սթիւտիոյ մէջ զրոյցը պիտի վարեն Էնտի Թրիմլեթ եւ հիւր-հաղորդավարուհի Գարլա Կարապետեան: Յատկանշական է, որ «Թաքնուած քարտէզը» հասած է միջազգային ճանաչման՝ շահելով տարբեր փառատօներու մրցանակներ եւ առաջադրուելով 2021 թուականի «Էմմի» երեք մրցանակներու:
Ամբողջական նիւթը կարելի է կարդալ «Asbarez.com» կայքէջին մէջ՝
https://asbarez.com/the-hidden-map-slated-for-december-9-12-on-pbs-socal-kcet/