Search
Close this search box.

QaylTech. Հայկական ընկերութիւնը հաշմանդամներուն պիտի օգնէ նորէն քալելու VR-ի օգնութեամբ

Վերականգնողական նորարարական սարքերու կառուցումին ու արտադրութեան մէջ մասնագիտացած առաջին հայկական ընկերութիւնը՝ «ՔայլԹեք»-ը, կը մշակէ նոր VR սարքաւորում մը, որ նախատեսուած է հաշմանդամութիւն ունեցող անձանց համար:
2016-ի ապրիլեան պատերազմէն ետք խումբ մը հայ քինեզոլոկներ համախմբուեցան եւ սկսան կամաւոր աշխատիլ հաշմանդամութիւն ունեցող զինծառայողներու հետ: Երկար տարիներու աշխատանքի շնորհիւ մասնագէտները նկատեցին, որ Հայաստանի մէջ չկան անհրաժեշտ քանակի վերականգնողական սարքեր: Ուստի իրենք ձեռնարկեցին անոնց արտադրութեան: Այսպէս է, որ հիմը դրուեցաւ «ՔայլԹեք»-ին:
2018-ին «ՔայլԹեք»-ը պատրաստեց արտակմախքի առաջին նմոյշը եւ շարունակեց զայն կատարելագործել յաջորդող տարիներուն: «ՔայլԹեք»-ի սարքերը յաջողութեամբ կ'օգտագործուին հիւանդանոցներու եւ վերականգնողական կեդրոններու մէջ:
«ՔայլԹեք»-ի հիմնադիր Արսէնեան կ'ըսէ, որ Հայաստան չի կրնար շուկայ ըլլալ իրենց արտադրանքին համար, ուստի իրենք կը ձգտին մուտք գործելու միջազգային շուկայ, որուն նախադրեալները ունին. միջազգայնօրէն որակաւորուած, բարձրորակ սարքաւորում՝ մրցունակ գիներով:

Ամբողջական լուրը կարդալ «Արմէնփրես»-ի մէջ՝

https://armenpress.am/eng/news/1076661

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *