Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը (ԳՀԴՅ) եւ Քուեպէքի Հայ դատի յանձնախումբը (ՔՀԴՅ) կ'ողջունեն 25 Ապրիլ 2022-ին Քուեպէքի կրթութեան նախարարութեան հրապարակած ուղեցոյցը Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդման համար:
Կրթական բազմակողմանի ուղեցոյցը, որ պատրաստուած է Ցեղասպանութեան դասաւանդման կեդրոնի եւ անոր գործակից կազմակերպութիւններուն, ինչպիսին են՝ ԳՀԴՅ-ը եւ ՔՀԴՅ-ը, պիտի ծառայէ որպէս լաւագոյն միջոց՝ օգնելու Քուեպէքի մանկավարժներուն՝ ուսուցանելու ցեղասպանութեան թեման եւ բարձրացնելու իրազեկուածութեան մակարդակը անոր հետեւանքներուն մասին:
Այս կրթական ուղեցոյցը առաջինն է իր տեսակին մէջ, որ հասանելի է Քուեպէքի 800 երկրորդական վարժարաններու 343 000 աշակերտներուն:
Ամբողջական լուրը՝ «Հայաստանի հանրային ռատիօ»-ի մէջ
https://en.armradio.am/2022/04/26/canadian-ministry-of-education-releases-genocide-education-guide/