Search
Close this search box.

Հայկական ընկերութեան ներկայացուցած յեղափոխաշունչ նորութիւնը՝ 2D եւ 3D ոլորտներուն մէջ

BeeGraphy-ն աշխարհի առաջին առցանց խանութն է, որ հնարաւորութիւն կու տայ խմբագիրներուն՝ ստեղծելու եւ վաճառելու 2D եւ 3D պարամեթրային կաղապարներ: Նման համակարգի միջոցով խմբագիրները իրենց աշխատանքին համար եկամուտի նոր աղբիւր ձեռք կը բերեն։ Խմբագիրները կրնան օգտագործել 2D եւ 3D պարամեթրային պատրաստ կաղապարները տարբեր ոլորտներու մէջ, ինչպիսիք են՝ արտադրութիւնը, բազմամետիան, խաղերը, AR եւ VR:

BeeGraphy Editor-ը կը տրամադրէ ամպային պահեստաւորում, որ թոյլ կու տայ պահպանելու մեծ 3D եւ 2D ֆայլեր պաշարներու վրայ: 3D տեսք. հնարաւորութիւն կու տայ ձեւաւորողներուն՝ տեսնելու, թէ ինչպէ՛ս կ'երեւի կաղապարը զարգացման փուլին, ինչպէս նաեւ բաժնելու գործընկերներու եւ յաճախորդներու հետ: Այս յատկութիւնը կ'օգնէ շատ ձեւաւորողներու խուսափելու լրացուցիչ ծառայութիւններէ եւ խնայելու ժամանակ եւ գումար:

BeeGraphy հարթակը ներկայիս կը գտնուի իր զարգացման վերջին փուլին մէջ։ Գործարկման ամսաթիւը 2022 թուականի Փետրուար 27-ն է։

3D ձեւաւորողները կրնան օգտուիլ անվճար բաժանորդագրութենէ մինչեւ 2022 թուականի Մայիս 1-ը՝ որպէս հարթակի տարբեր գործիքներ փորձելու եւ անոր համակարգին ծանօթանալու հնարաւորութիւն։

Ամբողջական նիւթը՝ «News.am»-ի մէջ՝

https://news.am/eng/news/679894.html

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *