2024-ի դեկտեմբեր 6-ին, Փարիզի քաղաքապետարանէն ներս համաձայնագիր մը կնքուեցաւ «Ֆրանսայի հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ» տաճարին վերաբերեալ։
Այս իրադարձութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Փարիզի Աստուածամօր տաճարի վերաբացման արարողութենէն մէկ օր առաջ, կը կրէ նշանակալից կարեւորութիւն մը եւս՝ Սուրբ Խաչ տաճարի վերանորոգման երկրորդ հովանաւորչական համաձայնագրի ստորագրումը: Ասիկա կը վկայէ, որ Փարիզի հայ համայնքի հոգեւոր եւ մշակութային կեանքին ծառայող այս կարեւոր կեդրոնի վերանորոգման աշխատանքները շարունակական բնոյթ կը կրեն:
Արարողութեան ներկայ էին Փարիզի քաղաքապետուհի տիկին Ան Իտալկոն, Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ թեմակալ բարերար պարոն Արա Ահարոնեանը, Փարիզի քաղաքապետարանի պաշտօնեաներէն տիկին Քարէն Թայեպը, Հայաստանի դեսպան պարոն Արման Խաչատրեանը, Արցախի ներկայացուցիչ պարոն Յովհաննէս Գէորգեանը, հոգեւոր համայնքի ներկայացուցիչներէն գերաշնորհ տէր Էլի Եղիայեանը, գերաշնորհ տէր Գրիգոր Խաչատրեանը եւ վերապատուելի Ժիլպէր Լէոնեանը, ինչպէս նաեւ ֆրանսահայ համայնքի ականաւոր դէմքերէն պարոն Պետրոս Թերզեանը։
Սուրբ Խաչ տաճարի վերանորոգման առաջին հանգրուանը, որ տեւեց 2016-էն 2019, կը ներառէր կեդրոնական նաւը, խորանն ու ետնադասը։ Այս հանգրուանին ընդհանուր ծախսը կազմեց 1.8 միլիոն եւրոյ, որմէ 620 հազար եւրոն առատաձեռնօրէն հովանաւորեց պարոն Արա Ահարոնեանը։
Վերանորոգման երկրորդ հանգրուանը, որ ընթացքի մէջ է, կը կեդրոնանայ Սուրբ Աստուածածնի, Սուրբ Փրանկիսկոսի եւ Սուրբ Թերեզայի մատուռներուն վրայ։ Այս հանգրուանին նախատեսուած ծախսը 700 հազար եւրոյ է, որմէ 525 հազար եւրոն արդէն խոստացուած է։
Այս նոր հովանաւորչութեան համաձայնագիրը կ՚ընդգծէ ստորագրողներուն անքակտելի յանձնառութիւնը ո՛չ միայն Փարիզի ժառանգութեան, այլ մանաւա՛նդ՝ հայ համայնքին հանդէպ։