Search
Close this search box.

Scylla. Հայկական Al ընկերութիւնը կ'ընդլայնէ իր համաշխարհային հասանելիութիւնը

Scylla-ն, որ իրական ժամանակի մէջ ֆիզիքական սպառնալիքներու յայտնաբերման յառաջատարն է, բարելաւած է իր արտադրանքը եւ անձնակազմը համալրելու ծրագիրներ ունի ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի մէջ՝ շնորհիւ այս տարեսկիզբին 4,9 մլն տոլարի Seed Round դրամահաւաքին: Ներդրումը կ'օգտագործուի Scylla-ի համաշխարհային ընդլայնումը խթանելու եւ Al-ի վրայ աշխատող սեփական արհեստագիտութիւնը աւելի ճշգրիտ եւ բազմակողմանի դարձնելու համար: Scylla-ի արհեստագիտութիւնները կ'օգտագործուին աշխարհի յառաջատար արտադրական գործարաններուն, մարզադաշտերուն, դպրոցներուն, հիւանդանոցներուն եւ օդակայաններուն մէջ: Scylla-ի արհեստագիտութիւնը կ'ուժեղացնէ անվտանգութեան մասնաւոր ոլորտը յաջորդ սերունդի Al-ով գործող լուծումներով, ներառեալ՝ նիւթերու յայտնաբերում, անոմալիաներու յայտնաբերում, նիւթերու յետագծում իրական ժամանակի մէջ, վարքագիծի ճանաչում, պարագծային ներխուժման յայտնաբերում, դէմքի ճանաչում, ջերմային սկանաւորում, տրօններու անվտանգութիւն եւ այլն: Scylla-ի հայաստանեան գրասենեակին մէջ կ'աշխատի աւելի քան 60 մասնագէտ: Խումբը ընդլայներու նպատակով ընկերութիւնը կը յայտարարէ նոր աշխատատեղերու ստեղծման մասին՝ DevOps ճարտարագէտներու, NET ծրագրային ապահովման մշակողներու, C++ աւագ մշակողներու, քոտայեն մշակողներու, արհեստագիտայեն ճարտարագէտներու եւ գիտարուեստական աջակցութեան փորձագէտներու համար: Ամբողջական նիւթը կարելի է կարդալ «Հայաստանի հանրային ռատիոկայան»-ին մէջ՝

https://en.armradio.am/2021/11/23/scylla-armenian-ai-company-puts-4-9-million-into-global-expansion-of-its-solutions/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *