Search
Close this search box.

Պրիւքսէլի Պոզար ճաշարանի գլխաւոր խոհարար Կարէն Թորոսեանը արժանացած է Միշելինի երկու աստղին

Պրիւքսէլի Պոզար ճաշարանի հայ խոհարար Կարէն Թորոսեանը արժանացած է Պելճիքայի եւ Լիւքսեմպուրկի 2023 թուականի Միշելինի երկու աստղին։
Կարէն Թորոսեանը երկար տարիներէ ի վեր Պրիւքսէլի Պոզար ճաշարանէն ներս խոհարարական արհեստավարժութեան իսկական տիպար մըն է: Ըլլալով խստաշունչ եւ խստապահանջ խոհարար մը, ան դասական բաղադրատոմսերը կը վերիմաստաւորէ՝ ամենայն բծախնդրութեամբ, անձնական մօտեցումով եւ զգացմունքայնութեամբ: Իր Բազում ստեղծագործութիւններէն ամէնէն ուշագրաւը խմորէ կեղեւի մէջ եփուած ուտեստներու տեսականին է։ Ան համբերատարօրէն եւ բարեխղճօրէն զարգացուցած է իր ճաշարանն ու նորարարական խոհանոցը, որպէսզի վերջապէս պարգեւատրուէր Միշելինի երկու աստղով:
Վրաստան ծնած ծագումով հայ խոհարարը չթաքցուց իր ուրախութիւնը, երբ բեմ բարձրացաւ հասակակիցներուն ծափահարութեան ներքոյ:
«Մենք գործը աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ գործն է: Խոհարարութիւնը աւելին է, քան աւիւնը. անիկա արհեստավարժութիւն է: Բան մը կայ, որ կը միաւորէ մեզ. մենք բոլորս ունինք նոյն խելագարութիւնը», - միջոցառման ընթացքին ըսաւ Թորոսեանը՝ մասնագիտական պարգեւատրման պահէն առաջ:
«Ես Պելճիքա ժամանած եմ 25 տարի առաջ, ոչ մէկ բառ ֆրանսերէն կը խօսէի: Ամէն ինչ կարելի է. երազեցէ՛ք եւ ստեղծեցէ՛ք երազանքներ», - ըսաւ ան։ Այնուհետեւ, ան իր երկրորդ աստղը նուիրեց իր անձնակազմին. Անտրէ Մարթինիին, ով զինք ուղղորդած էր դէպի բարձր խոհանոց, գլխաւոր խոհարար Ժան-Փիեռ Պրունոյին, այնուհետեւ՝ Տէյվիտ Մարթինին։ «Ան առաջին անձն էր, որ հաւատաց իմ ուժերուս, լուսաւորեց ճանապարհս եւ ուղեկցեցաւ ինծի։ Այս պտուղը մենք միասնաբար աճեցուցած ենք»,- յաւելեց Թորոսեանը։
Միշելինի աստղը խոհարարական գերազանցութեան հիմնական նշանն է: Միշելինի աստղերը կը շնորհուին այն ճաշարաններուն, որոնք ունին բարձր մակարդակի չափանիշեր: Գնահատուող ճաշարանները կրնան արժանանալ մէկ, երկու կամ երեք աստղերու, եւ այդ պարգեւը շատ բաղձալի է ողջ աշխարհի գլխաւոր խոհարարներուն համար:

https://www.brusselstimes.com/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *