Երեքշաբթի՝ նոյեմբեր 22-ին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է իր ատրպէճանցի գործընկերոջ` Իլհամ Ալիեւի հետ։ Անոնք քննարկած են անցեալ ամիս Սոչիի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութեան իրագործումը։
Հոկտեմբեր 31-ին, Փութինը իր յարկին տակ կազմակերպեց Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ հանդիպումը։ Երեք ղեկավարները համաձայնեցան, որ Երեւանն ու Պաքուն պիտի յարգեն միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, եւ Արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման շուրջ քննարկումը պիտի յետաձգուի անորոշ ժամանակով։
Այդ յայտարարութենէն ետք, ատրպէճանական ուժերը յարձակումներ իրականացուցած են Արցախի հայ խաղաղ բնակիչներուն վրայ եւ շարունակած են յարձակումները Հայաստանի դիրքերուն վրայ։ Ալիեւը յարձակման անցած է նաեւ Հայաստանի հասցէին պատերազմի բանաւոր սպառնալիքներ հնչեցնելով եւ Իրանն ու Ռուսիան քննադատելով։
Փութինի եւ Ալիեւի միջեւ զրոյցը տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ ղեկավարին` Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթնաժողովին մասնակցելու նպատակաւ Հայաստան մեկնելէն մէկ օր առաջ։ Գագաթնաժողովին ծիրէն ներս ան պիտի հանդիպի նաեւ Փաշինեանի հետ։