«Հայաստան ծառատունկ» ծրագիրը եօթը միլիոներորդ ծառը տնկած է հիւսիսային Լոռի մարզի Մարգահովիտ գիւղին մէջ: Բարեգործական հիմնադրամը կը գործէ 26 տարիէ: Նուիրատուներու, մասնագէտներու եւ կամաւորներու աջակցութեամբ կ'աշխատի թափ տալ Հայաստանի եւ Արցախի վերանտառացման, հողի մը վրայ, որ ատենին ամբողջութեամբ ծածկուած էր անտառով:
Անցեալին ան յաւակնոտ նպատակ դրած էր եօթը միլիոն ծառ տնկելու, սակայն կազմակերպութիւնը այժմ կը ձգտի աւելիին:
Բացի ծառատնկումէն՝ կը կազմակերպուի վերապատրաստում, ուր երիտասարդներ կը սորվին միջավայրին եւ վերանտառացման կարեւորութեան մասին: Ընդհանուր առմամբ 56 000 աշակերտ եւ ուսուցիչ մասնակցած են այս դասընթացին: