Հայաստանի Լոռի մարզի լեռները գտնուող Դեպետ գիւղի բնակիչները մէկ նպատակ ունին. դառնալ խելացի գիւղ: «Հայաստանի մանուկներ» բարեգործական հիմնադրամը, Դեպետի գիւղապետարանի հետ գործակցաբար, որոշած է ժամանակակից զարկ տալ գիւղին: Համայնքը ամբողջութեամբ կը վերափոխուի ընդամէնը մի քանի տարուան մէջ՝ նորարար ենթակառուցուածքներու եւ նոր ձեռնարկութիւններու շնորհիւ: Ո՞ւր հասած են աշխատանքները:
Դիտեցէ՛ք ամբողջական տեսանիւթը «Սիվիլնեթ»-ի կայքէջին մէջ՝ գտնելու համար պատասխանը: