Ֆրանսահայերու միութիւնը մրցոյթ յայտարարած է հայ-ֆրանսական բարեկամութիւնն ու հայ ժողովուրդի զարթօնքը խորհրդանշող արձանի մը նախագիծին համար: Կազմակերպիչները կը խրախուսեն Հայաստանի լայն ու գործուն մասնակցութիւնը: Կառուցուելէ ետք արձանը կը տեղադրուի Փարիզի արուարձաններէն Փալեզօ քաղաքին մէջ: Նախագիծի աշխատանքները ներկայացնելու ժամկէտը 12 Մարտ 2022 է: Ցանկալի մանրամասնութիւններ են նուռը, ձեռքեր, Հայաստանը խորհրդանշող տարրեր եւ այլն:
Ամբողջական լուրը կարելի է կարդալ «Panorama»-ի մէջ՝