Նիակարայի համալսարանի Քասթելանի թանգարանը ներկայացուցած է «Գոյատեւեցէ՛ք, բարգաւաճեցէ՛ք, յիշեցէ՛ք» վաւերագրական ֆիլմաշարը, որ կը պատմէ արեւմտեան Նիւ Եորքի հայ համայնքին մասին: Այս մասին կը յայտնէ Հայ ֆիլմի միութիւնը:
Վաւերագրական ֆիլմաշարը բաղկացած է դրուագներէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կեդրոնացած է տարբեր աւանդոյթի մը վրայ, ինչպիսին է՝ ատաղձագործութիւնը, խոհարարութիւնը, աւանդական պարը եւ պատմութիւններ Պաֆալօ-Նիակար շրջանի հայ համայնքէն:
Թանգարանը կը ծրագրէ յառաջիկայ տարուան ընթացքին նոր տեսանիւթեր աւելցնել ֆիլմաշարին վրայ, որոնք կը կեդրոնանան վերապրածներու պատմութիւններուն կարեւորութեան վրայ: Ֆիլմաշարը այժմ առկայ է թանգարանի եութիուպեան ալիքին վրայ:
Ամբողջական լուրը՝ «Armradio.am»-ի մէջ