Search
Close this search box.

«Fletcher» հիմնարկի Դաւիթեան կրթական ծրագրին 2023-ի դիմումներուն ընդունումը սկսած է

1999 թուականէն ի վեր՝ «Tufts» համալսարանի «Fletcher» իրաւագիտութեան եւ դիւանագիտութեան հիմնարկի եւ Դաւիթեան հիմնադրամի միջեւ համագործակցութիւնը շուրջ 300 հայ երիտասարդ մասնագէտներու վեցամսեայ խորացուած ուսուցում շնորհած է՝ «Fletcher» հիմնարկէն ներս:

Հիմնադրամը դիմորդներու խումբէն կ’ընտրէ բարձր մրցունակութեամբ Հայաստանի պետական մասնագէտները: Դաւիթեան կրթական ծրագրին շահառուները Հայաստանէն Պոստոն կը մեկնին՝ մասնակցելու «Fletcher» հիմնարկի մէջ մասնագիտական զարգացման եւ միջգիտակարգային համալսարանական դասընթացին:

Այսօր, շրջանաւարտները Հայաստանի մէջ կ’աշխատին Կեդրոնական դրամատան, Նախագահի աշխատակազմին, Պաշտպանութեան, Արտաքին գործոց, Արդարադատութեան, Տնտեսութեան, եւ Ելեւմուտի նախարարութեանց մէջ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի ու կառավարութեան շրջանակներէն ներս։

https://staff.am/en/advanced-training-certificate-program-in-public-policy-public-administration-2

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *