«Team Telecom Armenia» 45 միլիոն ներդրում ներգրաւած է միջազգային ելեւմտական հաստատութիւններէն՝ ՄԵՄ-էն եւ ՎԶԵԴ-էն, ինչպէս նաեւ Ամերիապանքէն, արագացնելու համացանցի կապը եւ աջակցելու Հայաստանի թուային տնտեսութեան:
Ներդրումը պիտի ուղղուի Հայաստանի քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ եզակի 25 Ճպ/երկվ արագութեամբ NGN (Next Generation Network) ցանցի կառուցման:
Ծրագրին շնորհիւ բջջային համակարգի առնուազն մէկ միլիոն բաժանորդ հասանելիութիւն պիտի ունենայ արագ ու բարձրորակ համացանցային կապի, իսկ աւելի քան 450.000 տնային տնտեսութիւն պիտի ապահովուի արագ լուսամանրաթելային համացանցով: Բացի այդ՝ համապատասխան միջավայր պիտի ստեղծուի յաւելեալ ներդրումներու եւ աշխատատեղերու համար: