Բերձորի միջանցքը՝ 2020 թուականին Պաքուի ռազմական յաղթանակէն ետք Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ միակ ճանապարհն է: Այս ճանապարհին Շուշիի մերձակայքը, դեկտեմբեր 12-էն ի վեր, շրջափակած են մի քանի տասնեակ ատրպէճանցիներ, որոնք կը բողոքեն արցախահայերուն «հանքերու ապօրինի արդիւնահանման» դէմ։
Թէեւ առաջին հայեացքէն ոչ դիտաւորեալ դէպք կը թուի, սակայն բնապահպանական նախապաշարմունքը յստակօրէն կը գաղտնազերծէ նախագահ Իլհամ Ալիեւի ծրագիրը՝ շրջափակման միջոցաւ առաւելագոյն ճնշում գործադրելու Երեւանի վրայ։ Ատրպէճանը երկու տարիէ ի վեր կը պահանջէ Հայաստանէն՝ զիջիլ այսպէս կոչուած «Մեղրիի միջանցքը» կամ «Զանգեզուրի միջանցքը», որ Պաքուն պիտի կապէ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ գտնուող Նախիջեւանի ատրպէճանական միջատարածքին: վերջինս, իր հերթին, հիւսիսային ծայրէն ճանապարհով մը կապուած է Թուրքիոյ։
Ի դէպ, Պաքուն հիանալի յարաբերութիւններ կը պահէ իր գլխաւոր ռազմական եւ դիւանագիտական դաշնակիցին հետ: Թուրքիան կը զինէ եւ զօրավարժութիւններ կ’իրականացնէ ատրպէճանական բանակին հետ՝ 2010 թուականին ստորագրուած ռազմական համագործակցութեան համաձայնագրի շրջանակէն ներս։ Տարւոյս սեպտեմբերին այս համագործակցութիւնը գօտեպնդուեցաւ, երբ թուրք զօրավար Պահթիար Էրսայի նշանակուեցաւ Ատրպէճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի խորհրդական։ Պաքուն եւ Անգարան կը ցանկան ամրապնդել իրենց տնտեսական յարաբերութիւնները՝ ցամաքային ճանապարհով։ Երկու երկրները Թեհրանի հետ լարուած, իսկ Երեւանի հետ՝ վատ յարաբերութիւններ ունին: Ուստիեւ, վերջիններս դէմ են թուրք-ատրպէճանական միջանցքի մը ստեղծման, մասնաւորաբար եթէ անոր հետեւանքով Հայաստանը Իրանի հետ իր սահմանը պիտի կորսնցնէ։
Հայաստանը ընդամէնը երկու բաց սահման ունի՝ մէկը հիւսիսը՝ Վրաստանի հետ, միւսը հարաւը՝ Իրանի հետ. երկիր մը, որուն հետ վերջին տարիներուն առեւտրային յարաբերութիւնները զգալիօրէն զարգացան։ Երեւանը Իրանէն վառելանիւթ կը գնէ՝ փոխարէնը ելեկտրականութիւն մատակարարելով անոր։
https://globeecho.com/news/asia/the-armenians-of-nagorno-karabakh-victim-of-a-blockade/