Բրիտանիոյ եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները խոր սառեցման մէջ են անցեալ տարուան փետրուարէն, երբ Վլատիմիր Փութինը հրամայեց ներխուժել Ուքրանիա: Սակայն Սուրբ Ծննդեան օրերուն, երկու թշնամական տէրութիւնները միաւորուեցան ընդհանուր շահի մը շուրջ: Այս մասին բրիտանական լրատուամիջոցները լռակեաց են:
Խօսքը չի վերաբերիր Լոնտոնի եւ Մոսկովի միջեւ հաշտութեան կամ ատոր նման բանի մը: Սակայն Բրիտանիան եւ Ռուսիան ընդհանուր շահ ունին, այն է՝ Ատրպէճանի փտածութեան մէջ թաթախուած յայտնի նախագահ Իլհամ Ալիեւը իշխանութեան ղեկին պահել:
Պարզ ըսած՝ Բրիտանիան ատրպէճանական քարիւղին եւ վառելանիւթին կարիքը ունի։ Ինչ կը վերաբերի մարտնչող Վլատիմիր Փութինին, ապա Ալիեւը կենսական դաշնակից մըն է անոր համար՝ Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ միջեւ անհանգիստ եւ վտանգաւոր սահմանին վրայ. տարածք մը, ուր Ռուսիան խոր ռազմավարական շահեր ունի:
Յառաջացած ճգնաժամը, որ միաւորեց Ռուսիան եւ Բրիտանիան, նախագահ Ալիեւի գործունէութեան հետեւանքն էր, երբ անցեալ ամիս արգելափակուեցաւ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը՝ Բերձորի միջանցքը: Ֆրանսան ձեռնամուխ եղաւ շրջափակումը դատապարտող յայտարարութիւն մը մշակելու՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն ներս:
Ե՛ւ հայկական, ե՛ւ ատրպէճանական աղբիւրները համակարծիք են իրարայաջորդ եղելութիւններուն: Ատրպէճանը գործի լուծուեցաւ, որպէսզի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին դատապարտումը երբեք լոյս չտեսնէ: Ճնշման բանեցումը շարունակուեցաւ Սուրբ Ծննդեան ողջ ժամանակահատուածին: Ե՛ւ Բրիտանիան, ե՛ւ Ռուսիան (ով Արցախի մէջ խաղաղապահներ տեղակայած էր 2 տարի առաջ՝ 44-օրեայ պատերազմին աւարտէն ետք) երկուքն ալ ցանկացին լսել պատմութեան ատրպէճանական խօսոյթը, որ մօտաւորապէս այսպէս էր. «Բերձորի միջանցքը չէ արգելափակուած Ատրպէճանի պետութեան կողմէ, պատասխանատուութիւնը կը կրեն բնապահպանական ցուցարարները, որոնք զայրացած են հանքարդիւնաբերական աշխատանքներէն»:
Դեկտեմբեր 30-ին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին կողմէ Ատրպէճանը դատապարտելու բոլոր հեռանկարները փլուզուեցան: Արդիւնքը յայտնի դարձաւ, երբ հայկական «Factor TV» լրատուական կայքը տեղեկացուց, որ Ռուսիան վերջին րոպէին շարք մը նախագծային փոփոխութիւններ մտցուցած է՝ քաջ գիտակցելով, որ ատոնք չեն ընդունուիր միւս անդամներուն կողմէ, ինչ որ իրականութեան մէջ այդպէս ալ եղաւ:
Յաջորդ օրը Պրիւքսէլի մէջ Ատրպէճանի պատուոյ դեսպան Վաքֆ Սատիքովը հաստատած է հայկական տեսակէտը։ Ամանորի նախօրեակին Սատիքովը Թուիթէրի վրայ հրապարակած է հետեւեալ գրառումը.
«Այսօր Ֆրանսան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն ներս ճակատամարտ մը եւս պարտուեցաւ Ատրպէճանին՝ ձախողելով Բերձորի վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն ներս հայամէտ յայտարարութիւնը յառաջ մղելու, որ յանգաւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի միւս անդամներուն կոշտ արձագանգին»:
Անոր գրառումը եզրափակուած է հետեւեալ արտայայտութեամբ. «Երախտագիտութեան խօսքեր կ’ուղղեմ Ալպանիոյ, Ռուսիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց ու Միացեալ Թագաւորութեան հասցէին: Ասիկա ատրպէճանցի դիւանագէտներուն հիանալի ձեռքբերումն է»:
Ալպանիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի ոչ մշտական անդամներ են: Մինչդեռ Բրիտանիան եւ Ռուսիան մշտական անդամներ են։
Դաւաճանութեան այս խղճուկ գծապատկերը նոյնքան հին է, որքան նոյնինքն դիւանագիտութիւնը: Բրիտանիան եւ Ռուսիան, թէեւ դաժան թշնամիներ են, միաւորուեցան նողկալի նպատակի մը շուրջ՝ անձնական շահեր հետապնդելու:
Փութինը հրէշ մըն է, ինչպէս եւ Ատրպէճանի նախագահ Ալիեւը. ժառանգական առաջնորդ մը, որուն վարչակարգը փտածութեան, բռնաճնշումներու, խոշտանգումներու եւ սպանութիւններու պատմութիւն ունի: Ան կը խեղդէ քաղաքական ընդդիմութեան որեւէ երեւոյթ: Մենք կը պնդենք, որ կը պայքարինք Ուքրանիոյ մէջ մարդկային իրաւանց համար։ Սակայն Արցախի հարցին մէջ՝ մենք փութինեան Ռուսիոյ հետ անհեթեթ դաշինքի մը մէջ մտած ենք աշխարհի ամէնէն վատ բռնակալներէն մէկուն հետ։
Այս ամօթալի դաշնագրի զոհերը մոռցուած հայերն են։
Փիթէր Օպորն
6 յունուար 2023