2022 թուականի դեկտեմբեր 3-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ «Սփիւռքը այսօր եւ վաղը. իր տեղն ու դերը Հայաստանի մէջ» խորագրով հանրային ժողովը, որ կազմակերպած էր Ֆրանսահայոց խորհուրդը։
Հիմնական ելոյթ ունեցողներու շարքէն էին Սփիւռքի գերագոյն յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը, Ֆրանսահայոց խորհուրդէն Էրիք Տատեանը, Լեւոն Սագունցը, Տանիէլ Քիւրքճեանը, «DiasporArm»-էն Յովէլ Շնորհօքեանը, եւ Պելճիքայէն Նիքոլա Դաւիթեանը: Ելոյթներուն յաջորդեց մասնակիցներուն հարց ու պատասխանը բոլոր բանախօսներուն հետ:
Քննարկման եւ փոխանակման հիմնական նիւթերն էին սփիւռքի յարաբերութեանց բարելաւումը ինքնիր եւ Հայաստանի հետ. թիրախային խնդիրներն էին միասնութիւնը եւ մարտահրաւէրային ժամանակաշրջանը, որ բացայայտեց նաեւ սփիւռքի տարբեր կողմերէ ներգրաւուածութեան եւ Հայաստանի հետ երկխօսութեան տարբեր հարցեր. առաւել միասնութիւն, դպրոցներ եւ կրթութիւն, տարբեր մակարդակներու վրայ համակարգային յարաբերութիւններ եւ այլն: