Եւրոպայի եւ Ասիոյ խաչմերուկին վրայ գտնուող Հայաստանը խորունկ պատմութիւն ունեցող երկիր մըն է, որ կը հրամցնէ ակնածանք ներշնչող լեռնային տեսարաններ, հետաքրքրաշարժ արկածներ եւ գրաւիչ մշակոյթ, որ արժէ վայելել: Անկախ անկէ, թէ դուք կը նախընտրէք վայելել փողոցային սնունդը, թէ հիանալ աշխարհի ամէնէն հին աթոռանիստ եկեղեցւով, Հայաստանը, մայր հոսանքէն դուրս, սակայն, հմայիչ ուղղութիւն մըն է, որ արժէ ուսումնասիրել:
Հայաստանի մշակութային եւ ազգային ինքնութիւնը ձեւաւորուած է դարերու ընթացքին՝ հնագոյն պատմութեամբ, որ սկիզբ առած է նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջաններէն: Իր բազմազան կլիմայական գօտիներուն, տեղագրութեան, բարձրութիւններուն եւ եղանակներուն շնորհիւ՝ Հայաստանը կատարեալ միջավայր մը կը հանդիսանայ վայրի բնութիւնը վայլելու եւ անոր մէջ ընկղմելու: Երկիրը կը ներկայանայ 3 պետական արգելոցներով, 26 պետական արգելավայրերով եւ 4 ազգային պուրակներով, որոնք բոլորն ալ հնարաւորութիւն կու տան՝ գնահատելու անոր կոյս բնութեան գեղեցկութիւնը:
Իր բազմազան բնավայրերով ու կլիմայական պայմաններով, իր բարձրութիւններով ու բնութեան հրաշալիքներով՝ Հայաստանը արկածախնդրասէրներուն դրախտն է, որ կ’ապահովէ հետաքրքրաշարժութիւն՝ ողջ տարուան ընթացքին: Դահուկավազքէն մինչեւ արշաւանք՝ բացօթեայ ժամանցի հնարաւորութիւնները անվերջ են:
Հայաստանի խոհանոցին պատկերը նոյնքան հետաքրքրաշարժ է՝ արեւելեան եւ միջերկրածովեան համերու միաձուլումով եւ գինեգործութեան հարուստ աւանդոյթով: Համտեսեցէ՛ք երկրին խոհանոցը՝ զգալու համերուն հաճելի համադրութիւնը, որ անկասկած կը գոհացնէ ձեր ճաշակը:
https://www.wanderlust.co.uk/discover/armenia/content/armenia-travel-guide/