«Միասին» բարեսիրական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ Գիւմրիի կեդրոնը բացուեցաւ իր տեսակի մէջ իւրօրինակ կեդրոն մը, որուն դռները բաց են բոլորին առջեւ։ «Տուն Աշկերտաց»-ը բազմակողմանի հաստատութիւն մըն է, որ նպատակ ունի օգնելու երիտասարդներուն՝ ընտելանալու արհեստագործական ուսման մէջ, եւ դիւրաւ մուտք գործելու աշխատաշուկայ։ Կեդրոնը պիտի իրականացնէ փոխառնչեալ 4 ոլորտներու գործունէութիւն։ Մասնագիտական հմտութիւններէն զատ, երիտասարդները կեդրոնէն ներս հնարաւորութիւն պիտի ունենան, մասնագէտներու աջակցութեամբ, սորվիլ շուկայավարութիւն, տեղեկատուական արհեստագիտութիւն, օտար լեզուներ եւ ձեռներէցութեան հիմունքներ։