Կլիմայի փոփոխութիւնը դարձած է համաշխարհային կարեւորագոյն մարտահրաւէրներէն մէկը, որ կ'ազդէ կեանքի բոլոր երեսակներուն վրայ՝ ամբողջ աշխարհին մէջ: Բեւեռային սառոյցն ու սացադաշտերը կը հալին, իսկ ծովի մակերեւոյթը կը բարձրանայ:
Ըստ EU4Climate-ի՝ ԵՄ-ի ֆինանսաւորած նախաձեռնութիւնը, որ կ'օգնէ Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներուն՝ պայքարելու կլիմայի փոփոխութիւններուն դէմ, Հայաստան՝ որպէս ցամաքապատ երկիր, որուն տարածքին 90 տոկոսը կը գտնուի ծովու մակերեւոյթէն բարձր, աստիճանաբար խոցելի կը դառնայ եղանակային ծայրայեղ իրադարձութիւններու, անապատացման եւ հողերու քայքայքման նկատմամբ:
Բացի ջրօդերեւութաբանական վտանգաւոր երեւոյթներու աճէն՝ Հայաստանի տարեկան ջերմաստիճանը նկատելիօրէն բարձրացած է, միջին հաշուով՝ 1,23 ջերմաստիճան 1929-2016 թուականներուն, իսկ տարեկան տեղումները միջին հաշուով նուազած են 9 տոկոսով:
Ըստ կլիմայի կանխատեսումներու՝ 2010 թուականին Հայաստանի տարածքին ջերմաստիճանը պիտի բարձրանայ 4,7 ջերմաստիճանով, իսկ տարեկան տեղումները պիտի նուազին 8,3 աստիճանով:
Հայաստանի կառավարութիւնը միջոցներու կը ձեռնարկէ երկրին մէջ կլիմայի փոփոխութեան ազդեցութիւնը մեղմելու համար: Այնուամենայնիւ, գործողութիւններու ծրագիրներու ընդունումը բաւարար չէ: Մարդոց պահուածքը նոյնպէս պէտք է փոխուի: Բան մը, որ կրնայ ուժի մէջ մտնել Հայաստանի առջեւ արդէն ծառացած կլիմայի փոփոխութեան եւ անոր բնապահպանական խնդիրներուն վրայ ազդեցութեան իրազեկութեան բարձրացումով:
https://evnreport.com/magazine-issues/the-impact-of-global-warming-in-armenia/