Search
Close this search box.

Հայկական վանքերու եւ սրբավայրերու միջնադարեան քարտէսը՝ կը թուագրուի 1691-ին եւ կը պահուի Պոլոնիոյ մէջ

Հայկական վանքերու եւ սրբավայրերու միջնադարեան քարտէսը, որ ստեղծուած է 1691 թուականին, կը պահուի Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքին մէջ: Քարտէսը իւրայատուկ է հայերէն առաջին ձեռագիր քարտէսներէն մէկը ըլլալուն համար: Անիկա կը ներկայացնէ պատմական հայկական հողերու աւանդական պաշտամունքային վայրերու համապարփակ ակնարկ մը՝ ծածկելով 4-րդ դարէն 17-րդ դարը: Ատոր մէջ պատկերուած են հարիւրաւոր վանքեր եւ գլխաւոր եկեղեցական կեդրոններ։

Այս քարտէսը ստեղծուած է 1600-ական թուականներու վերջերը՝ քաղաքական եւ մշակութային երկու նշանաւոր գործիչներու կողմէ. հայ մտաւորական, բանաստեղծ Երեմիա Չելեպի Քէօմիւրճեանի, եւ իտալացի գիտնական, քարտէսագիր, դիւանագէտ եւ զինուորական Լուիճի Ֆերտինանտո Մարսիլիի։

Քարտէսը կը պահուի Իտալիոյ մէջ՝ Պոլոնիոյ համալսարանական գրադարանէն ներս: Ինչպէս Իտալիոյ մնացեալ պատմական գրադարանները, այս մէկը եւս ունի բազմաթիւ հնագոյն փաստաթուղթեր հայերէնով՝ ինչպէս ձեռագիրներ, այնպէս ալ տպագիր, որոնք ի ցոյց կը դնեն Իտալիոյ եւ հայ ժողովուրդի միջեւ վաղ միջնադարէն ի վեր կայացած մշակութային յարաբերութիւնները:

https://greekcitytimes.com/2023/08/06/medieval-map-armenian-1691/

Ըստ՝ Լիաննա Ագասյանի

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *