Այս վանքը ինքնին ձեռագիր մատեաններու, խաչերու եւ խաչքարերու թանգարան մըն է։ Զմմառը ունի նաեւ երկու թանգարան ե՛ւ հայերէն ձեռագիրներով, ե՛ւ ասորերէն ու կարշունագրութեան (ասորերէն գիրերով արաբերէն) գործերով հարուստ գրադարան մը։ Հոն կան նոյնիսկ հին ղպտերէն ձեռագիր մագաղաթներ, ինչպէս նաեւ հազուագիւտ հայկական, հելլենիստական եւ սելճուքեան մետաղադրամներու հաւաքածոներ։ Խոյրերէն, խաչերէն, զարդախաչերէն եւ սկիհներէն զատ, մշտական ցուցադրութեան դրուած են յունական, հայ-ուրարտական, եգիպտական հեթանոսական քանդակներ, եւ հարկաւ փիւնիկեան հնութիւններ, որոնցմէ մի քանին յայտնաբերուած են Զմմառու տարածքին մէջ:
Երեւանի եւ Էջմիածնի, Սուրբ Երկիր Երուսաղէմի, Վենետիկի Սուրբ Ղազարու, Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան եւ Անթիլիասի կաթողիկոսարանի կողքին՝ Զմմառը ունի հայ մշակոյթի, հոգեւորականութեան եւ արուեստի ամէնէն հարուստ եւ հետաքրքրական թանգարան-գրադարաններէն մին:
Յօդուածներուն հեղինակը դոկտոր Ամին Ժիւլ Իսքանտարն է, ով Ֆրանսիայի կառավարութենէն վկայեալ ճարտարապետ մըն է՝ Վերսալի ազգային բարձրագոյն ճարտարապետութեան ակադեմիայէն (1991):
Ան իր ասպիրանտականը ստացած է Սուրբ արուեստի գծով՝ Քասլիքի համալսարանէն, իսկ դոկտորականը՝ Լիբանանի համալսարանէն (2018):Ան մասնագիտացած է Լիբանանեան ճարտարապետութեան պատմութեան եւ ասորա-մարոնական ժառանգութեան մէջ: 1995 թուականէն ի վեր կը դասաւանդէ ճարտարապետական ձեւագրում Լիբանանի համալսարանի Գեղարուեստի եւ ճարտարապետութեան բաժանմունքէն ներս։
Դոկտոր Ամին Ժիւլ Իսքանտարը հեղինակած է շարք մը յօդուածներ, հեռատեսիլի լրատուանիւթեր, գիտաժողովներու ժողովածոներ եւ գրքեր՝ ճարտարապետութեան եւ ասորա-մարոնական մշակոյթի մասին:
Ստորեւ՝ անոր հրատարակած գրքերուն ցանկը.
- Նոր Կիլիկիա (Հայոց ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ, եւ անոնց ճարտարապետական ժառանգութիւնը՝ հին ժամանակներէն մինչ մեր օրեր). հրատարակած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, Անթիլիաս, Լիբանան, 1999, 144 էջ:
- Սպիտակ տաճարներ (Հռոմէական ժամանակաշրջանի փիւնիկեան տաճարները Լիբանանի եւ Պեքայի մէջ):
- Ասորական հարթութիւնը լիբանանեան արուեստի եւ ճարտարապետութեան մէջ:
- Ասորերէն՝ առանց ուսուցչի (Ասորական մշակոյթի կոմիտէի հետ համատեղ հրատարակութիւն, Լիբանան, 2006:
- Լիբանանի ասորերէն արձանագրութիւնները, հատոր Ա. (Լիբանանի ասորական եւ կարշոնական վիմագրութիւնները):
- Լիբանանի ասորերէն արձանագրութիւնները, հատոր Բ. (Ասորական արձանագրութիւնները լիբանանեան ճարտարապետութեան մէջ):