Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը հրապարակած է 2021 թուականի լաւագոյն մարզիկներուն անունները։
Տասը անունները ընտրուած են մարզական լրագրողներու եւ ազգային հաւաքականներու գլխաւոր մարզիչներու քուէարկութեամբ։ Ահաւասիկ՝
Արթուր Ալեքսանեան – յունահռոմէական ըմբշամարտ
Մալխաս Ամոյեան – յունահռոմէական ըմբշամարտ
Յովհաննէս Պաչքով – բռնցքամարտ
Էլինա Դանիէլեան – ճատրակ
Արթուր Դաւթեան – մարմնամարզութիւն
Վարազդատ Լալայեան – ծանրամարտ
Արսէն Յարութիւնեան – ազատ ոճի ըմբշամարտ
Սիմոն Մարտիրոսեան – ծանրամարտ
Գոռ Մինասեան – ծանրամարտ
Դաւիթ Չալոյեան – բռնցքամարտ
Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Մալխաս Ամոյեան նոյնպէս քուէարկած է People’s Choice մրցանակի օգտին։
Ի գնահատումն իրենց ջանքերուն եւ մարզական յաջողութիւններուն՝ այս տասը մարզիկները կը ստանան 4 միլիոն դրամ (մօտ 8100 ԱՄՆ տոլար): Եւս 1 միլիոն տոլար կը յատկացուի անոնց մարզչական կազմին, քանի որ անոնք նոյնպէս իւրաքանչիւր մարզիկի յաջողութեան մաս կը կազմեն:
Ամբողջական նիւթը կարդալ «armradio.am»-ի մէջ՝
https://en.armradio.am/2021/12/21/armenias-top-10-athletes-of-the-year-announced/