Սփիւռքի շարք մը գործարարներ, ընկերութիւններ կը ցանկան ներդրումներ կատարել Հայաստանի մէջ: Լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցին ընաթցքին ըսաւ Սփիւռքի գործոց յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը՝ յաւելելով, որ անոնց թիւը այժմ աւելի շատ է, քան 2019 թուականին էր։
Ան մանրամասնեց՝ ըսելով, որ այդ ներդրումները գլխաւորաբար կը վերաբերին բարձր արհեստագիտութեանց, զբօսաշրջութեան եւ գիւղատնտեսութեան ոլորտներուն:
«Հայաստանի ապագային նկատմամբ այս ընկերութիւններուն վստահութեան մակարդակը բարձր է, այլապէս անոնք պիտի չուզէին ներդրումներ կատարել այնպիսի երկրի մը մէջ, որու նկատմամբ հաւատք չունին»,- ըսաւ ան։
Աւելի վաղ, Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանը յայտարարած էր, որ սփիւռքահայերուն 74 տոկոսը պատրաստ է ներդրումներ կատարելու Հայաստանի մէջ։