Մխիթարեան միաբանութեան մամլոյ հաւաքածոն եւ կայքէջը թողարկուած են: Անոնք կը ներկայացնեն 1794-էն 1920-ի միջեւ տպուած մամլոյ հաւաքածոներ՝ անվճար, թուայնացուած ու հասանելի ձեւաչափով: Մինչեւ օրս Մխիթարեան մամուլի առցանց գրադարանը եւ անոր համապատասխան շտեմարանը կ'ընդգրկէ Վիեննայի Մխիթարեան վանքի հարուստ հաւաքածոյէն աւելի քան 400 000 էջ թուայնացուած հայկական թերթեր ու պարբերականներ:
Այս նիւթերուն թուայնացումը եւ հանրութեան հասանելի դարձնելը կարելի եղած է Մխիթարեան միաբանութեան, Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի եւ ՀՀ ԳԱԱ Հիմնարար գիտական գրադարանի գործակցութեամբ:
Բաւարարելով մատչելիութեան մեծ ու անմիջական կարիքը՝ սոյն գործակցութեան նպատակն է գիտութեան այս համահայկական մեծ հարստութիւնը եւ հաւաքական ժառանգութիւնը անվճար հասանելի դարձնել բոլորին՝ ապահովելով անոր լայն ու դիւրին մատչելիութիւնը: