Search
Close this search box.

Երկրորդ «3+3» հանդիպումը հաւանաբար կայանայ յառաջիկայ ամիսներուն

«3+3» ձեւաչափով տարածաշրջանային համագործակցութեան հարթակին երկրորդ հանդիպումը (Ատրպէճան, Հայաստան, Վրաստան + Ռուսիա, Թուրքիա, Իրան) ամենայն հաւանականութեամբ կայանայ յառաջիկայ ամիսներուն, յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան Չորրորդ վարչութեան՝ ԱՊՀ (Անկախ պետութեանց համագործակցութեան) ղեկավար Տենիս Կոնչարը՝ դեկտեմբեր 10-ին տուած իր հարցազրոյցին մէջ:
«Ներկայիս կը մշակուին «3+3» հարթակին երկրորդ հանդիպման կազմակերպչական աշխատանքները։ Յուսով ենք, որ ատիկա տեղի կ’ունենայ յառաջիկայ ամիսներուն։ Դատելով բոլոր մասնակիցներուն տրամադրութիւնը՝ հրաւէր կրնայ ուղարկուիլ նաեւ Վրաստանին»,- յայտարարած է դիւանագէտը։
Անոր խօսքով՝ Ռուսիան համոզուած է, որ տարածաշրջանային հարթակին պահանջով` մասնակից երկրներուն միջեւ փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը պիտի ընդլայնի:
Աւելի վաղ, Ատրպէճանի եւ Թուրքիոյ առաջնորդներ Իլհամ Ալիեւն ու Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը հանդէս եկած էին Արցախի հարցով համագործակցութեան վեցակողմ ձեւաչափի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման նախաձեռնութեամբ։ Ռուսիան ու Իրանը ողջունած էին գաղափարը, մինչդեռ Վրաստանը յայտարարած էր, որ չի պատրաստուիր մասնակցելու այս տարածաշրջանային նախաձեռնութեան, փոխարէնը կ’առաջարկէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ բանակցութիւններու իր ձեւաչափը՝ խաղաղութիւն հաստատելու եռակողմ հարթակը։ 2021 թուականի դեկտեմբեր 10-ին Մոսկովի մէջ տեղի ունեցաւ «3+3» ձեւաչափով հարթակին առաջին հանդիպումը՝ արտաքին գործոց փոխնախարարներու մակարդակով։

https://www.panarmenian.net/eng/news/304254/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *