Սքոթլանտայի Արեւմտեան Տանտիի ազգային կուսակցութեան երեսփոխան Քրիս Լօ կոչ ըրած է կառավարական հրատապ քննարկում կատարելու Ազրպէյճանի յարձակումներուն առնչութեամբ:
«Զիս կը վշտացնեն Ազրպէճանի կողմէ Հայաստանի վրայ չհրահրուած ու անհիմն յարձակումները՝ ի հաշիւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու բացայայտած սարսափելի զեկոյցներու եւ լուսանկարներու:
Մեծ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը պէտք է անյապաղ յայտարարութիւն կատարէ՝ դատապարտելով այս յարձակումները եւ աջակցելով Ազրպէյճանի յարձակումներուն եւ խախտումներուն վերջ դնելու համաշխարհային ջանքերուն»,- գրած է Լօ:
https://www.facebook.com/Diasporarm.org/videos/618116836506175