ԱՄՆ-ի՝ միջազգային կրօնական ազատութեան հարցերով յանձնաժողովի (ԱՄՆՄԿԱՀՅ) նախագահ Նատին Մայենզա մտահոգութիւն յայտնած է Ազրպէյճանի՝ եկեղեցիներէն հայերէն արձանագրութիւնները ջնջելու մտադրութեան առնչութեամբ: Մայենզա ըսած է. «Կոչ կ'ուղղենք կառավարութեան՝ պահպանելու եւ պաշտպանելու պաշտամունքի եւ կրօնա-մշակութային վայրերը»:
Ազրպէյճանի կառավարութիւնը յայտարարած է, որ կը ծրագրէ ջնջել Արցախի բռնագրաւուած տարածքներու կրօնական վայրերուն մէջ հայերէն արձանագրութիւնները, հիմնաւորելով, որ եկեղեցիները կովկասեան Ալպանիոյ ժառանգութիւնն են, հին թագաւորութիւն մը, որ ժամանակին կը գտնուէր ներկայիս Ազրպէյճանի մէջ: Թէեւ այս տեսութեան ընդհանրապէս համաձայն չեն պատմաբանները, սակայն ազրպէյճանցի ազգայնական պատմաբանները երկար ժամանակ քարոզած են զայն, ինչը ընդունած է Ազրպէյճանի այժմու կառավարութիւնը:
Ամբողջական նիւթը՝ «Armradio.am »-ի մէջ՝