Համաձայն Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ այսօր ստորագրութեան հաւանութիւն ստացած համագործակցութեան համաձայնագիրին՝ Ուաշինկթըն 120 միլիոն տոլար պիտի յատկացնէ Հայաստանին: Նպաստի ծրագիրը նպատակ ունի աջակցելու Հայաստանին՝ ժողովրդավարութեան եւ տնտեսական կայունութեան ամրապնդման ուղղուած բարեփոխումներու գործընթացին:
Ամերիկայի միջազգային զարգացման գործակալութեան կատարելիք յատկացումը՝ 120.000.000 ամերիկեան տոլար, պիտի պիտի բաժնուի մասերու: Գործակալութիւնը 68.565.000 ամերիկեան տոլար պիտի յատկացնէ՝ ժողովրդավարութեան զարկ տալու, իսկ 51.435.000 ամերիկեալ տոլարը՝ տնտեսական կայունութեան համար:
Հաշուի առնելով քորոնաժահրի հետեւանքով յառաջացած ցնցումները, 2020 թուականին Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմը, ինչպէս նաեւ 2021 թուականին տեղի ունեցած արդար ու թափանցիկ խորհրդարանական ընտրութիւնները՝ «այս փատաթուղթով ԱՄՆ կը ձեռնարկէ աջակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան՝ արդիւնւէտ ու հաշուետու կառավարման, ժողովրդավարութեան նուաճումներու պահպանման, ինչպէս նաեւ տնտեսական մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղութեամբ»:
https://massispost.com/2022/06/usaid-to-provide-120-million-grant-to-armenia/