«Vlume»-ը հայկական թուային ամենամեծ գրադարանն է, որ կը պարունակէ ելեկտրոնային գիրքեր, ձայնագիրքեր եւ շարժանկարի շարքեր: Այնտեղ կան հրատարակութիւններ աւելի քան 300 դասական ու ժամանակակից հեղինակներէ՝ արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն ու անգլերէն լեզուներով: Գրադարանը ունի աւելի քան 800 վերնագիր եւ 1000 ժամնոց ձայնանիւթ: «Vlume» յաւելուածը կարելի է ներբեռնել Apple iOs-էն եւ Google Play Store-էն: Պարտադիր է բաժանորդագրուիլ՝ նիւթերուն հասանելիութիւն ունենալու համար: Պէտք է նշել, որ լոսանճելըսահայերը կրնան անվճար մուտք գործել «Vlume»՝ Լոս Անճելըսի հանրային գրադարանին միջոցով: