Search
Close this search box.

Թէ ինչո՛ւ Հայաստան այցելել այս գարնան. «National Geographic»-ի խորհրդատուութիւնը

Այս երկրին լեռները, դէպի վար սլացող հովիտները եւ գայթակղիչ քաղաքները առաւել կը կենդանանան գարնան: Ընտրեցէ՛ք հետեւեալ հինգ տարբերակներէն, որոնք կ’ընդգրկեն Հարաւային Կովկասի տարբեր շրջանները:
Հարաւկովկասեան այս երկիրը՝ Հայաստանը, բնական թատերաբեմ մըն է, որուն յատուկ են հինաւուրց ու մենաւոր եկեղեցիներով շաղախուած լեռները: Եկէ՛ք մարտ ամսուն՝ արշաւային արահետներով կովկասեան լեռներուն խորքերը բացայայտելու, կանաչածածկ կիրճերուն վրայ կախուած ջերմային լողաւազաններուն մէջ լողալու, կամ քաղաքային զբօսայգիներով շրջելու, որոնք գարնանային ծաղկումի ժամանակ արհեստագիտական գոյներ կը ստանան:
Անդրկովկասեան արահետը, որ սկիզբ կ’առնէ հիւսիսէն՝ Տաւուշի մարզի Դիլիջանէն, երկարելով մինչեւ հարաւը՝ Սիւնիքի մարզի Որոտանը, լաւագոյնն է արշաւներու համար, Վայոց ձորի մարզի Ջերմուկը լաւագոյնն է հանքային ջուրերու մէջ հանգստանալու համար, Լոռուայ մարզի Դեբեդի կիրճը լաւագոյնն է բնութեան սիրահարներուն համար, Շիրակի մարզի Գիւմրի քաղաքը լաւագոյնն է մշակոյթը ուսումնասիրողներուն համար, իսկ մայրաքաղաք Երեւանը՝ լաւագոյնն է քաղաքային կեանքը սիրողներուն համար:
Տարուան այս եղանակին կը կենդանանան վայրի ծաղիկներու ընդարձակ դաշտերը՝ խտացնելով Արարատ լեռան տեսարանին գեղեցկութիւնը: Եթէ արկածախնդրութի՞ւն կը փնտռէք, ապա ուղղաթիռով շրջագայութիւնը եզակի պտոյտ կ’առաջարկէ ձեզի՝ մայրաքաղաքին եւ անոր շրջակայքին վրայ:

https://www.nationalgeographic.co.uk/travel/bc/2023/03/why-you-should-plan-to-go-to-armenia-this-spring

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *