Երեւանի քաղաքապետարանը յայտարարած է, որ կառավարութեան աջակցութեամբ ձեռք բերած է «MAN» մակնիշի 12 մեթրնոց հանրակառք, որոնք պիտի մատակարարուին մինչեւ Մարտ-Ապրիլ 2023:
Քաղաքապետարանը կ'աշխատի մինչեւ 2023 բոլոր երթուղիներու պարագային կանխիկ վճարումները փոխարինել միասնական տոմսային համակարգով:
Վարորդները անցում կը կատարեն կայուն աշխատավարձի՝ համաձայն մեքենայի չափին: Աշխատավարձերը պիտի ըլլան 250-էն 350 հազար դրամի միջեւ (540 մինչեւ 750 տոլար): Վարորդները պիտի ստանան առողջապահական ապահովագրութեան փաթեթներ:
Ամբողջական լուրը՝ Armenpress.am.