«EMERGE 2022» միջազգային արհեստագիտական գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 1-2 Երեւանի Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան թատրոնին մէջ: Գիտաժողովի գործընկերներն են՝ Microsoft, Amazon Web Services, Inecobank, Pinterest, Google Deepmind եւ այլն:
ԱՄՆ-էն, ինչպէս նաեւ արեւմտեան ու արեւելեան Եւրոպայի, Պալքանեան ու Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներէն տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի աւելի քան 2000 ներկայացուցիչներ պիտի մասնակցին գիտաժողովին եւ հնարաւորութիւն պիտի ունենան հանդիպելու բանախօսներու եւ ներդրողներու հետ:
Գիտաժողովին պիտի ներկայացուցին ՏԱ ոլորտի մասնագէտներ, հիմնադիրներ ու ներդրողներ, հիմնադիրներու պատմութիւններ, ինչպէս նաեւ ոլորտի միտումները: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ «EMERGE CHALLENGE» մրցոյթը, եւ յաղթողը պիտի ստանայ ներդրումներ ու մրցանակներ Amazon Web Services-ի կողմէ:
Անգլերէնը գիտաժողովին պաշտօնական լեզուն է:
Ամբողջական լուրը՝ «Արմէնփրես»-ի մէջ