Մայիս 21-31 Երեւանի մէջ տեղի կ'ունենայ բռնցքամարտի մեծահասակներու եւրոպական ախոյեանութիւնը: Կառավարութիւնը 77.768.000 դրամ (մօտաւորապէս 162.000 ամերիկեան տոլար) կը տրամադրէ Հայաստանի բռցքամարտի ֆետերասիոնին՝ միջոցառումին կազմակերպչական ծախսերը հոգալու համար:
Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Դումանեան նշեց, որ հաշուի առնելով Հայաստանի բռնցքամարտի ֆետերասիոնի աւանդոյթներն ու զարգացման ուղղութիւնները՝ Բռնցքամարտի միջազգային ֆետերասիոնը առաջարկած է բռնցքամարտի մեծահասակներու եւրոպական ախոյեանութիւնը իրականացնել Հայաստանի մէջ:
Կը սպասուի, որ 280 մարզիկ մասնակցի առաջնութեան՝ անձնակազմի եւ պատուիրակներու ուղեկցութեամբ:
Աղբիւր՝ Armradio.am:
https://en.armradio.am/2022/02/17/yerevan-to-host-european-boxing-championship-on-may-21-31/