Երեւանը դարձեալ ամանորեան տօնակատարութիւններու կեդրոն պիտի ըլլայ: Բոլորը հրաժեշտ պիտի տան 2021 թուականին եւ պատրաստուին նորոգ յոյսով դիմաւորելու 2022 թուականը: Քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենան աւելի քան քսան աշխոյժ ձեռնարկներ: Շատեր հնարաւորութիւն պիտի ունենան դիտելու ամանորեայ հրավառութիւնը Երեւանի տարբեր ուղղութիւններով եւ ճաշարաններու տանիքէն: Մարդիկ պիտի վայելեն զուարճալի միջոցառումները, խնճոյքները, դիմակահանդէսները եւ շատ աւելին: Իրենց հերթին, զբօսաշրջիկները լաւ առիթ պիտի ունենան բացայայտելու Երեւանի գեղեցկութիւնը:
Տօնակատարութիւններու ցանկը տեսնել «allevents.in»-ի կայքին մէջ՝