Հայոց ցեղասպանութեան մասին 10 վաւերագրական ժապաւէններ, որոնք անպայման պէտք է դիտել

Օսմանեան կայսրութեան գրաքննութիւնը կ'արգիլէր լուսանկարել հայերու տեղահանութիւնն ու սպանութիւնները, իսկ պատերազմական գօտիներուն մէջ լրագրողներու ազատութիւնը նոյնպէս սահմանափակուած էր: Ուստի Հայոց ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական ժապաւէններուն մեծ մասը հիմնուած է վկաներու յիշողութիւններու վրայ:

Օսմանեան կայսրութեան գրաքննութիւնը կ'արգիլէր լուսանկարել հայերու տեղահանութիւնն ու սպանութիւնները, իսկ պատերազմական գօտիներուն մէջ լրագրողներու ազատութիւնը նոյնպէս սահմանափակուած էր: Ուստի Հայոց ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական ժապաւէններուն մեծ մասը հիմնուած է վկաներու յիշողութիւններու վրայ:

Այս հարցին մէջ կարեւոր դեր խաղաց Ճ. Միքայէլ Յակոբեանը: Ան ամբողջ աշխարհէն փաստագրեց շուրջ 400 հարցազրոյց ցեղասպանութենէն փրկուածներու եւ վկաներու հետ եւ նկարահանեց 17 վաւերագրական ժապաւէն՝ հայոց ժառանգութեան, մշակոյթի եւ պատմութեան մասին:

Միքայէլ Յակոբեան 1979-ին հիմնեց Հայկական շարժապատկերի հիմնադրամը, որպէս շահ չհետապնդող, կրթական եւ մշակութային կազմակերպութիւն, որ նուիրուած է հայկական ժառանգութեան փաստարկութեան եւ պահպանումին՝ բազմատեղեկատուական ձեւաչափերով: Հիմնադրամի http://armenianfilm.org/drupal/films կայքէջին մէջ կրնաք ծանօթանալ անոր գործունէութեան եւ իրադարձութիւններուն:

1 .Women of 1915 (2016), Բեմադրիչ՝ Պարէտ Մարոնեան

Women of 1915 Armenian Genocide Bared Maronian

The epic journey of women survivors of the 20th Century’s first genocide and the odyssey of the relentless human rights advocates who empowered them.

2. Map of Salvation (2015)/Directed by Aram Shahbazyan

Map of Salvation 2015Directed by Aram Shahbazyan

The film tells about the humanist movement that emerged as a wave of protest and resistance during human tragedies in the end of the 19th and the beginning of the 20th centuries, especially the Armenian Genocide.  The heroes of the film are humanists known to history, real people, who have witnessed the massacres of the Armenians TThey are witnesses of the Armenian Genocide and the founders of shelters for Armenian children and women who barely escaped death. TAnd they left their comfortable lives in Europe, came to the Armenian land from different countries, and devoted themselves selflessly and unconditionally to the people residing on that land. The film is told by Finnish historian Svante Lundgren. Passing through the path of mission of the films heroes, he draws a new map: The Map of Salvation. The film is dedicated to the memory of great humanists as a payment of gratitude on behalf of the entire Armenian nation, other nations espousing humanitarian views, and generally all people who cherish noble values.

3. Grandma’s Tattoos(2011)/Directed by Suzanne Khardalian

Կը բացայայտէ ճակատագիրը հազարաւոր մոռցուած կիներու, հիմնականին մէջ դեռահասներու եւ երիտասարդ աղջիկներու, որոնք փրկուած են 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութենէն, բայց զանոնք առեւանգողները անոնց պոռնկութիւն կը պարտադրէին:

4. Orphans of the Genocide (2013)/Directed by Aram Shahbazyan

Այս շարժապատկերը ակներեւ տեսողական ուղեւորութիւն է` նախապէս չտեսնուած արխիւային պատկերներու եւ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն ապրած որբերու յուշերու: Աւելի քան 150 հազար որբեր փրկուած են ամերիկեան եւ սկանտինաւեան կազմակերպութիւններու կողմէ: Այս որբերէն մէկն էր Սաթենիկը, ամերիկացի ախտաբան եւ հեշտամահութեան կողմնակից տոքթ. Ժագ Գէորգեանի մայրը:

5. Voices From the Lake (1999)/Directed by J. Michael Hagopian

Հայոց ցեղասպանութեան մասին 25 տարուան հետազօտութեան եւ արտատրութեան որպէս արդիւնք, այս լրիւ չափով վաւերագրական ժապաւէնը կը կեդրոնանայ ամէնօրեայ ողբերգութեան վրայ, որ տեղի կ'ունենայ Խարբերդ-Մեզրէի մէջ՝ 1915 թուականի նախկին Օսմանեան կայսրութեան 4000 քաղաքներէն եւ գիւղերէն մէկը, ուր սաստիկ բռնութիւնը կը նպաստէր ծրագրուած բնաջնջումի քաղաքականութեան: Ժապաւէնը կը ներառէ ամերիկացի եւ եւրոպացի պաշտօնակատարներու, միսիոնարներու, եւ կրթական գործիչներու, ինչպէս նաեւ վերապրողներու վկայութիւնները: Ասոնք կը բացայայտուին առաջին անգամ ըլլալով՝ գրաքննուած զեկոյցներու, գաղտնի փաստաթուղթերու եւ թաքնուած օրագիրներու միջոցով: Վնասուած լրագիրներու գրութիւնները բացայայտուած են թուային արհեստագիտութեան շնորհիւ:

6. Germany and the Secret Genocide (2003)/Directed by J. Michael Hagopian

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի խորքով նկարահանուած այս շարժապատկերը կը պատմէ Թուրքիոյ դաշնակից Գերմանիոյ մասնակցութեան 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան մասին: Գերմանական փաստաթուղթերը կը վկայեն թրքական մեղաւորութեան եւ գերմանական մեղսակցութեան եւ ոճիրը ծածկելու մասին: «Լոս Անճելոս Թայմզ»-ի աշխատակից Քեվին Թոմաս յայտնած է, որ այս շարժապատկերը «...մանրամասնութեամբ ուսումնասիրուած եւ դատապարտող եզրակացութիւն է, նշանաւոր եւ համոզիչ շարժապատկեր… Հոլոքոսթի պատրաստութիւն»:

1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան մասին THE WITNESSES շարքի երկրորդ ֆիլմը՝ «Germany and the Secret Genocide», ստացաւ 2004 թուականի Միացեալ Նահանգերու Շարժապատկերի եւ վիտէօյի միջազգային փառատօնին պատմութեան դասակարգին մէջ բաղձալի առաջին դիրքի Ոսկէ քամերայի մրցանակը: Այս փառատօնը իր տեսակին մէջ ամէնէն մեծն է, որ մասնագիտացած է վաւերագրական, տեղեկատուուական եւ արտադրողական շարժապատկերներու գործին մէջ: Աւելին, այս շարժապատկերը մաս կը կազմէր այն 7 ժապաւէններուն, որոնք ընտրուած էին 27 երկիրներէ 1500 դիմումներուն մէջէն՝ հաւակնելու Փառատօնի Կրան Փրի մրցանակին:

Այս շարժապատկերը ցուցադրուեցաւ ապրիլ 2004-ին Փրակի «Մէկ աշխարհ», մարդկային իրաւունքներու ֆիլմերու փառատօնին ընթացքին: Փառատօնի հանդիսատեսներու քուէարկութեան շնորհիւ, շարժապատկերը ներկայացուած 156 ժապաւէններուն մէջ գրաւեց 7-րդ դիրքը: Ատիկա թարգմանուած է չեխերէնի եւ գերմաներէնի եւ կը ցուցադրուի Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Պալքանեան երկիրներու մէջ:

7. The River Ran Red (2008)/Directed by J. Michael Hagopian

The River Ran Red is the epic search for survivors of the Armenian Genocide of 1915 along the Euphrates River. From his archives of 400 testimonies of survivors and eyewitnesses, award-winning filmmaker J. Michael Hagopian weaves a compelling story of terrifying intensity, taking the viewer from the highland waters of the river to the burning deserts of Syria… and to the final resting place of those whose blood ran red in the waters of the Euphrates.

8. The Forgotten Genocide (1975)/Directed by J. Michael Hagopian

Միացեալ Նահանգներ բնակող հայազգի բեմադրիչ Ճ. Մայքըլ Յակոբեանի վաւերագրական ժապաւէնը, որ մանրամասն կը ներկայացնէ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ ականատեսներու վկայութիւններու եւ վերապրողներու հետ հարցազրոյցներու միջոցով, որոնց կ'ընկերակցին ժապաւէնի հազուագիւտ արխիւային նկարները:

9. Back to Ararat (1988)-Բեմադրիչներ՝ Ճիմ Տաունինք, Կորան Կիւնէր, Փեր-Աքը Հոլմքուիսթ, Սիւզան Խարտալեան

«Back to Ararat» առաջին ֆիլմն է, որ մանրամասն կ'ուսումնասիրէ այս ողբերգական հանգրուանը: Ճամբորդելով հին աւերակներէն դէպի նոր հայկական համայնքներ, շարժապատկերը կը ներկայացնէ հայրենիք վերադառնալու իր երազանքին մէջ համախմբուած ժողովուրդ մը: Բայց ոչ ոք կը լսէ անոնց խօսքերը: Աւելին, ժապաւէնին մէջ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները կը պնդեն, որ ցեղասպանութիւն երբեք տեղի չէ ունեցած: «Back to Ararat» ուժգին յիշեցում է տակաւին չլուծուած անարդարութեան մասին:

10. The Other Side of Home (2016)-Բեմադրիչ՝ Նարէ Մկրտչեան

2015 թուականին, Մայա անունով թուրք կին մը կը բացայայտէ, որ իր մեծմօր մայրը Հայոց ցեղասպանութեան վերապրող եղած է: Մայա կը մարմնաւորէ ներքին պայքարը, քանի որ իր մէջ կան երկու թշնամիներ. տառապող կողմը եւ ժխտող կողմը: Վաւերագրական ժապաւէնը կը հետեւի Մայային, որ կ'որոշէ Հայաստան մեկնիլ՝ մասնակցելու Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումին եւ ուսումնասիրելու իր հակասական ինքնութիւնը: Այս շարժապատկերը թեկնածու էր 2016-ին Լաւագոյն կարճ վաւերագրական ժապաւէններու Օսքար մրցանակին:

ԿԻՍՎԵԼ

Թողնել մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվի։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *

Պատասխանել

Ձեր էլ-փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *-ով