Որոնում
Close this search box.

diasporarm-inform-unite-empower-diaspora Diaspora_Monuments ՍՓԻՒՌՔ diasporarm-inform-unite-empower-armenia ՀԱՅԱՍՏԱՆ
diasporarm-armenian-diaspora-world-map

ԿՈՉ

Մեկնելով Սփիւռքի կայունութիւնը ամրապնդելու եւ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու միացումին նպաստելու հարցերէն, եւ կատարելէ ետք բազմաթիւ խորհրդակցութիւններ՝ Սփիւռքի մէջ մտաւորականներու, գործիչներու եւ ղեկավարներու հետ, DiasporArm կը նպատակադրէ հիմնել համաշխարհային, լաւապէս ֆինանսաւորուած, ժողովուրդին կողմէ յառաջացած կազմակերպութիւն, որ պիտի գործածէ Սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունեցող կարեւոր գործուն եւ ոչ գործուն աղբիւրները, պիտի համակարգէ Սփիւռքի աշխատանքները, պիտի աջակցի նոր նախաձեռնութիւններու եւ լաւագոյնին պիտի հասցնէ ներկայ ճիգերը:

DiasporArm-ի տեսլականը եւ առաքելութիւնը հիմնականին մէջ տնտեսական, կրթական, մշակութային եւ ընկերային մարզերն են: Ատիկա զերծ պիտի մնայ կուսակցական քաղաքական կամ ազգային ուղղութիւններէ:

Կոչ կ՛ուղղենք անոնց, որոնք ծանօթ են իրենց բարեխղճութեամբ եւ նուիրուածութեամբ, անոնց, որոնք կը հաւատան այս գործին եւ յարգանք ունին, անոնց, որոնք հայկական շահերը վեր կը դասեն կուսակցական եւ անձնական շահերէն, միանան, նպաստեն, սերմանեն եւ մասնակցին DiasporArm-ի ստեղծումին: 

diasporarm-inform-icon

ՏԵՂԵԿԱՑՆԵԼ

Իր բազմամակարդակ եւ բազմալեզու լրատուական հարթակին միջոցով, որ բաղկացած է կայքէջէ մը, որ կ՛ընդգրկէ քննարկումի տարածք, փոտքեսթներ, տեսանիւթեր եւ նկարներ, եւ իր ընկերային ցանցերու էջերով, DiasporArm կը ձգտի հասնիլ հետաքրքրութեան տարբեր մակարդակներ ունեցող երիտասարդութեան, «անջատուած հայեր»-ուն, ինչպէս նաեւ «կորսուած եւ թաքնուած» հայերուն՝ թուրքիոյ եւ թրքական սփիւռքին մէջ:

diasporarm-unite-icon

Միավորել

DiasporArm կը տրամադրէ որեւէ կազմակերպութենէ կամ պետութենէ անկախ համակայկական հարթակ մը՝ տարբեր մշակոյթներու, սերունդներու, ծագումներու եւ գաղափարական/քաղաքական հոսանքներու պատկանող մարդոց համար: Մենք կը ստեղծենք կամուրջներ եւ փոխյարաբերութիւններ Սփիւռքի զանազան համայնքներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ հայրենիքին հետ, բացայայտելով իւրաքանչիւր համայնքի, նոյնիսկ ամէնէն փոքրին, գոյութիւնը եւ կարեւորութիւնը:

diasporarm-empower-icon

Հզորացնել

Սիտնիէն Լոս Անճելոս, անցնելով Տուպայէն, Մուսկուայէն, Փարիզէն եւ Պուէնոս Այրեսէն, Սփիւռքը օժտուած է հարուստ կարողութիւններ, կապեր եւ միջոցներ ունեցող տաղանդներով, որոնք կը ղեկավարեն, կը դասաւորեն եւ կը տիրապետեն: DiasporArm պիտի բացայայտնէ եւ զօրաշարժի ենթարկէ այս տաղանդները, ազգին նպաստաւոր համակարգուած ուղղութիւն տալով: Ներշնչուելով արդիւնաւէտ օրինակներէն, DiasporArm-ի ցանցը պիտի նպաստէ իր անդամներու յառաջընթացին եւ բարօրութեան:

Armenian Students' Network

 

The Armenian Students’ Network (ASN) bridges Armenian students across the globe, acting on three networking stratums; Students, Educators and Entrepreneurs.

Beyond helping our students, the ASN aims at preparing an elite, a generation of leaders and successful, influential members of society targeting excellence.