Search
Close this search box.

Հայկական համայնքներու հզօրացում. փորձուած ազդու մօտեցում մը

«DiasporArm»-ի առաքելութիւնն է բացայայտել եւ հզօրացնել հայկական սփիւռքի հիմնական ներուժը, խթանել համագործակցութիւնն ու ցանցաւորումը եւ, կարելի եղածին չափ, մշակել համակարգուած գործողութիւններու համար հնարաւորութիւններ ստեղծող շրջանակներ։
Այս նպատակաւ մեկնարկած ենք նախաձեռնութիւն մը՝ առաջարկելու ձեւաչափ մը, որ կը հոգայ սփիւռքի համայնքներուն ընկերային, տնտեսական, կրթական եւ մշակութային կարիքները։

Այլ ազգերու սփիւռքներու շարքին, մենք ոգեշնչուած ենք հրէական սփիւռքի յաջող ձեւաչափէն, ուր իւրաքանչիւր քաղաքի կամ երկրի մէջ գործող անկախ հիմնադրամները միտուած են բացառապէս դրամահայթայթումին եւ դրամամիջոցներու բաշխումին։ Այս առանձնացումը թոյլ կու տայ այս կազմակերպութիւններուն՝ նուիրուած մնալու համայնքին կարիքները հոգալու գործին՝ առանց ներգրաւուելու այդ համայնքներու կառավարման մէջ։

Այս մօտեցումը բաւականին արդիւնաւէտ է եւ կը ներառէ.

Համակարգուած դրամահայթայթում. դրամահայթայթումի միասնական մօտեցումը կը թեթեւցնէ առանձին կազմակերպութիւններու բեռը, միեւնոյն ատեն թոյլ տալով մանրամասն հաշուառել իւրաքանչիւր համայնքի անդամին ներդրումները։
Թափանցիկ կառավարում. հիմնադրամները կը կառավարեն հոգաբարձուներու խորհուրդները՝ ապահովելով թափանցիկ հսկողութիւն եւ դրամական հաշուետուութիւններու պարբերական ներկայացում։
Բացառիկ դրամահայթայթումի արդիւնքներ. այս կառուցուածքը հնարաւորութիւն կու տայ ձեռք բերել կայուն եւ արտասովոր գումարներ։ Օրինակ, 160 միլիոն տոլար՝ Լոս Անճելոսի մէջ, 203 միլիոն տոլար՝ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, եւ 189 միլիոն քանատական տոլար Մոնթրէալի մէջ՝ համայնքային ծրագիրներու համար։
Բաշխումի արդիւնաւէտ կառավարում. դրամամիջոցները խելամիտօրէն կը բաշխուին կրթական, ընկերային, մշակութային եւ այլ ծրագիրներու՝ համաշխարհային հրէական կազմակերպութիւններուն միջեւ։ Օրինակ, Մոնթրէալի մէջ ընդհանուր դրամամիջոցներուն 32.3 տոկոսը (շուրջ 60 միլիոն քանատական տոլար) կը յատկացուի համաշխարհային կազմակերպութիւններուն։

Ահաւասիկ կից ներկայացուած են Մոնթրէալի Հրէական համայնքային հիմնադրամի 2023 թուականի տարեկան հաշուետուութենէն քանի մը էջեր, որոնք առաւել մանրամասն պատկերացում կու տան այս ազդու ձեւաչափին մասին։

Մենք մտադիր ենք հանդիպելու հմուտ եւ փորձառու անկախ մտածողներու տարբեր համայնքներէն՝ հանդէս գալու վերոնշեալ չափանիշերով եւ քննարկելու, թէ ինչպէս ատոնք կրնան յարմարեցուիլ աշխարհասփիւռ հայկական համայնքներու իւրաքանչիւրի իւրայատուկ կարիքներուն։

Մենք բաց ենք գաղափարներ ընդունելու, փորձի փոխանակման եւ համագործակցութեան՝ աշխատելով կառուցել աւելի կենսունակ եւ դիմակայուն հայկական սփիւռք:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *