Մեկ մարմին

Yesterday I was busy all day with my phone calls and meetings. Just managed to be free at six in order to reply to my emails. At eight I grabbed something to eat and contacted Ani for our daily Skype meeting: We spoke.

Բաց նամակ

Սիրելի Յակոբ,

Ժամը չորսն է: Առտուան չորսը:

Մէկը անց անկողին մտայ:

Գործերու մէջ թաղուած եմ:

Երէկ ամբողջ օրը հեռաձայնային կապերով, հանդիպումներով զբաղած էի: Հազիւ ժամը վեցին ազատ եղայ եւ անցայ ե-նամակներուս պատասխանելու: Ժամը ութին արագ պատառ մը կերայ եւ Անիին հեռաձայնեցի` մեր հանապազօրեայ «Սքայփ»-ի հանդիպման համար` խօսեցանք` ո՞ր յաճախորդէն ի՛նչ պատուէր ստացած էինք, ո՞ր երկիրը ի՛նչ հարց ունէինք` Ֆրանսա, Սպանիա, Ամերիկա, Գերմանիա, տղոց գործը կը յառաջանա՞ր: Երուանդը «ֆոթոշափ»-ի վրայ կ՛աշխատի, արուեստագէտ է: Շիրազը «Ամազոն»-ի յաճախորդներուն կը պատասխանէ մէկ առ մէկ, ամենայն քաղաքավարութեամբ, իւրաքանչիւրին` իր լեզուով: Դաւիթը համացանցի կայքին եւ «տէյթը պէյս»-ի վրայ կ՛աշխատի` խստապահանջութեամբ: Սիրանուշը եւ Աննան կ՛օգնեն սիրայօժար, ուր որ պէտք ըլլայ: Բոլորէն գոհ եմ: Բոլորն ալ ընդունակ են: Ամէնէն կարեւորը` բոլորն ալ լաւ մարդիկ են:

Ժամը տասն է արդէն: Անիին` Էջմիածնիժամով կէս գիշեր է: «Պարո՛ն Յովէլ, էլեմենտներս նստեցին, ուղեղս դանդաղում է: Կարելի՞ ա վաղը առաւօտ շարունակենք»: Ճիշդ այդ վայրկեանին հեռաձայնէս պատգամի ազդանշան մը կը լսեմ. առանց հեռաձայնիս կողմը նայելու` «Անշո՛ւշտ» կ՛ըսեմ Անիին, բայց երկուքս ալ գիտենք, որ «վաղը առտու» պիտի սկսինք նոր օրուան մը նոյն խե՛նթ վազքը, եւ մեր հանդիպումը նորէ՛ն պիտի մնայ երեկոյեան ժամը ութին, իննին, այն ալ` եթէ խեղճ Անիին հերթը հասնի

Այսպէս, ես Փարիզ, իրենք` Հայաստան, մէկը Երեւան, միւսը Էջմիածին, միւսը Գիւմրի, միւսները` չեմ գիտեր ո՛ւր. գործ կ՛ընենք, եոլա կ՛երթանք: Ան, որ ներկայիս օրէ օր աւելի մրցունակութեան միտող շուկային գծով արդի կապերու գործածութեան, թուայնացման, միջազգայնացման չէ համակերպած, ան ըլլայ Ալֆորվիլի նպարավաճառը կամ Պուրճ Համուտի ադամանդաշարը, արդէն գործի եւ ընդհանրապէս կեանքի պատերազմը կորսնցուցած է:.

Անին աչքիս լո՛յսն է: Զարմիկս` Յարութը, աւետարանչականի պարոն Ներսէսեանն էր մեզ զիրար ծանօթացնողը` ըսելով. «Չեմ գիտեր, թէ գործի մէջ կարո՞ղ է, սակայն հաստա՛տ լաւ մարդ է»: Անին լա՛ւ մարդ է` խոնարհ, ազնիւ, ազնուական, անձնուէր, ուղիղ: Կարո՛ղ ալ է. առողջ դատողութեան տէր, ուշիմ, վստահելի. կը տիրապետէ սպաներէնին, ռուսերէնին. անգլերէն նամակներս ինք կը սրբագրէ: Ո՞վ երէկ հայաստանցիները կը մրոտէր: Լա՜ւ: Մէկու մը դրացիին զարմիկը սխալ ներդրում ըրեր է, խակ գործ տեսեր է, առանց շուկան սերտելու, անհրաժեշտ զգուշութիւնները առնելու` գործի նետուեր է: Կը բաւէ՛: Քի՛չ մը մտաւորական ամբողջութիւն` արդարութիւն ունեցէք: Նոյնի՛սկ եթէ… Ճիշդ չէ ամբողջ ժողովուրդ մը մրոտել քանի մը խուլիկանի պատճառով` ըլլան անոնք բարձրաստիճան պաշտօնեաներ կամ հասարակ քաղաքացիներ, հակառակ անոր որ այդ հասարակ քաղաքացիներուն թիւը շատ էր ժամանակին...

                                                      ~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~

Ժամը չորսն է: Առտուան չորսը:

Մէկը անց անկողին մտայ:

Վերջին երկու օրերուն լուրերը.

Երէկ գիշերուան խօսակցութիւնս…

Քունս չի տանիր: Վեհափառ հայրապետը կազմակերպած է համաժողով` զիս խիստ մտահոգող վերնագիրով` «Սփիւռքահայուն ինքնութեան դիմագրաւող վտանգներն ու մարտահրաւէրները»: Վեհափառ հայրապետը հրաւիրած է երեսունէ աւելի մտաւորականներ` այս նիւթը քննարկելու: Անիին հետ ժողովս չաւարտած` հեռաձայնիս վրայ կարճ պատգամ մը ստացած էի ժողովականէ մը` «Բարե՛ւ, Յովէ՛լ, առիթով մը խօսինք». հեռաձայնեցի, խօսեցանք: Տեղեկութիւն տուաւ: «Ժողովը շատ լաւ կ՛ընթանայ, երբեմն խօսակցութիւնը կը սրի»:

Միտքս եկաւ երեւանեան խօսակցութիւն մը. «Ձեր արեւմտահայերէնը արեւելահայերէնի բառամթերքին հարստութիւնը չունի»: Արիւնը գլխուս խուժեց, պիտի ըսէի, եթէ «ձեր» լեզուէն վերցնենք փեթրուշքան ու պոմիտորը, էկրանն ու պապկան, հաղորդակցութեան լուրջ հարց կ՛ունենաք: Նախ «դուք» ա, պ կը-ի փոխարէն` այբ, բեն, գիմ ըսել սորվեցէք, ետքը ուղղագրութիւնը մէկդի ձգենք, բարբարոսական լատինական տառերուն փոխարէն` մեսրոպեան այբուբենը գործածեցէք ձեր ե-նամակներուն մէջ: Կը բացատրեն, որ հնարաւորութիւնը չունին: Իրենց մօտ եչը «e»-էն է, խէն կամ ղատ-ը «x»-ը, ըթը` շնիկը: Ահա օրինակ մը. «neroxutyn em x@ndrum vor anhang@stacnum em Dzez. bayc ayl elq chunem»: Եթէ կրնա՛ս, ե՛լ մէջէն, բա՛ն մը հասկցիր:

Անշուշտ բան չըսի: Մարդը մասամբ իրաւունք ունէր: Կարգ մը արհեստավարժական, էսպէս ասած` պրոֆեսիոնալ, կամ արհեստագիտութեան ուսմունքի` իրենց լեզուով տեխնոլոկյայի եզրերու մէջ իրենք ունին նոր բառեր, զորս արեւմտահայերէնը տակաւին չէ մշակած, կամ աւելի ճիշդը` չէ ընդունած, ինչ որ հայրենիքը մշակած է: Իրենք «ԷԹ»-ին(@) «շնիկ» կ՛ըսեն: Ի՛նչ գեղեցիկ պատկերացում: Որպէս թէ կապը այսպէս @ շնիկին վզին շուրջ փաթթած ըլլային: Թէկուզ բառը ներշնչուած ըլլայ ռուսերէնէն, ինչի՞ մենք ալ «ԷԹ»-ի փոխարէն` չօգտագործենք շնիկը: Աւելի կարեւորը` պէտք է վերամշակենք հնչիւններու հարստութիւնը, գիմի եւ քէի, դայի եւ թոյի զանազանումը:

Յարգուած ադամանդավաճառ Վռամը կը հեռաձայնէ Երեւանէն: Վռամը նախապէս պատմագէտ եղած է. Կալկաթայի հայոց մարդասիրական ճեմարանիմէջ ուսուցչութիւն ըրած է, եւ յանկարծակի սայթաքումով մը ինկած է առեւտուրի մէջ: Իր «նախորդ կեանքէն» պահած է, սակայն, իր մտաւորականի հայեացքն ու վեհ հոգին. մեր վերջին հանդիպման` Հոնկ Քոնկի գոհարեղէններու ցուցահանդէսին, օրուան ընթացքին գործը ձգած` գացած էր լորտ Փոլ Խաչիկ Չեթըրին շիրիմը ծաղկեցնելու:

Երեկոյեան, ընթրիքի ընթացքին, կը պատմէր, թէ ի՛նչ դժուարութեամբ գտած էր մեծ բարերարին գերեզմանը, վրդոված` կը պատմէր, որ «մարդուն» գերեզմանը երեսի վրայ ձգուած էր, գերեզմանաքարին վրայի անունը չէր կարդացուեր: Յաջորդ օրն իսկ ան հետը լաթ, օճառ, խոզանակ, ներկ, վրձին եւ երկու հոգի առած ու գացած էր շտկելու, մաքրելու եւ անուանագիրերը ներկելու: Այսպիսի մարդի՞կ ալ կան եղեր. կա՛ն: Հայաստան ա՛լ աւելի կան:

Լորտ Փոլ Խաչիկ Չեթըր, ծնած` 1846-ին, ճանչցուած է որպէս բրիտանական գահի «գոհարին» իրականացման գլխաւոր դերակատար ճարտարապետ` «Հոնկ Քոնկի իշխանը»: Ութ տարեկանին որբացած եւ զերոյէն սկսած` հսկայ կայսրութեան տէր գործարարին մեծ բարերարութիւնները մինչեւ օրս կանգուն պահած են իր ծննդավայր Կալկաթայի Ս. Նազարէթ

հայկական եկեղեցին ու Հայոց մարդասիրական ճեմարանը: Լորտ Չեթըր Կալկաթայէ եւ Սուրբ Էջմիածնէ անդին` նպաստած է նաեւ իր յաճախած ֆրանսական կաթողիկէ «Լա մարթինիէր» դպրոցներուն, որոնց աշակերտները առաւօտեան իրենց աղօթքը կը նախորդեն օրհներգով. օրհներգ, որ կը սկսի իր հայրենիքի մէջ մոռցուած բարերարին ուղղուած հետեւեալ տողով. «Շնորհակալ ենք քեզ, մեր բարերար Փոլ Չեթըր…»:

Իսկ մե՞նք. մեր ետին ձգած գերեզմաններուն տէ՞րն ենք, նիւթականէն անդին` կ՛արժեւորե՞նք հոգեւորը, մեր նախնիներուն հետ կապը:

Ո՞ւր էի: Հա՛, Վռամը հեռաձայնեց եւ ըսաւ. «Կարդացի վերջին գրութիւնդ, ըմբոշխնեցի ձեր արեւմտահայերէնին գեղեցկութիւնը, վայելեցի բառերուն նրբութիւնը»: Այսպիսի մարդի՞կ ալ կան եղեր: Կա՛ն. Հայաստան ա՛լ աւելի կան:

˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜ ˜

Ժամը չորս է: Առտուան չորսը: Քունս չի տանիր:

Համակարգիչս կը բանամ:

Կը դիտեմ ձեր խմբային նկարը:

Երկար ատենէ չենք տեսնուած: Առաջին շարքին ձախէն առաջին տեղը` ամուր կանգնած, բնա՛ւ չե՛ս փոխուած: Երկրորդ շարքին կը նշմարեմ արժէքաւոր Անդրանիկը` ժպտադէմ. «Աջին Վարդանը, ձախին Իշխանը», այսպիսի երկու լաւ մարդոցմով շրջապատուած, չժպտի՞: Կը նշմարեմ«Ազդակ»-իխմբագիր իմ սիրելի Շահանը: Սեւակը չեմ տեսներ, վստահաբար ճամբորդած ըլլալու է:«Արարատ»-ի թերթին տիկին Եփրեմեանին չեմ հանդիպած: Արդեօք ներկաներուն մէ՞ջն է:

Կը մտածեմ` ինչո՞ւ Անթիլիաս չէք հանդիպած: Հա՛, Պիքֆայա կաթողիկոսարանի ամարանոցն է, օդը լաւ ըլլալու է հոն այս եղանակին: Սակայն հեռո՜ւ ազգի, սփիւռքի նոր ձգողական կեդրոններէն` Մոսկուա, Լոս Անճելըս, Փարիզ. կը մտածեմ, որ արդեօ՞ք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի պանդուխտ աջը, որ չորրորդ դարէն ի վեր փոխադրուած է Դուինէն Անի, Անիէն Վան, Վանէն Սիս, Սիսէն Անթիլիաս, դեռ անցնելով ուրիշ քաղաքներէ, պէ՞տք է, որ Լուսաւորիչի աթոռին հետ միասին նորէն փոխադրուի ու մօտենայ ժողովուրդին:

Չէ՛, կարեւոր չէ: Ներկայի արդի կապերու գործածութեամբ, թուայնացման, միջազգայնացման դարուն տեղը կարեւորութիւն չունի: Կարեւորը համասփիւռքեան գիտակցութիւն ունենալն է, տարբեր համայնքներու աչքերով կարենալ տեսնել աշխարհը: Բոլորի՛ն աչքով: Բոլորին` իւրաքանչիւրին աշխարհագրական, լեզուական, գաղափարախօսական եւ սերնդային տարբերութիւնները նկատի առնելով: Ձեր ալեւոր խումբի պատկերին մէջ ամէնէն ետեւը աչքի կը զարնեն փոքրամասնութիւն կազմող երկու սիրուն, երիտասարդ օրիորդներ, որոնք յիսունէն վար երեք կամ չորս անձերէն երկուքը ըլլալու են:

«Աստուա՛ծ օգնական, վեհափառ հայր, Կ՛ողջունեմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ այս ժողովը կազմակերպելու նախաձեռնութիւնը: Կ՛ողջունեմ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այսքա՛ն վաստակաւոր մարդիկ ձեր շուրջ հաւաքելնուդ: Աստուած ձեր ցանած հունտը աճեցնէ, բազմապատկէ: Կը խնդրեմ, որ ձեր հոգատար մտահոգութիւնը Արեւելքի հորիզոնէն անցնի եւ հասնի մեզի, որ` ձեր սքեմին քղանցքը տարածուի մինչեւ արեւմտեան ալեկոծ ափերը: Արեւմուտքի ափերուն նաեւ մե՛նք ունինք պատրաստուած փայլուն երիտասարդներ` ձեռքի մատներուն վրայ հաշւուած, ինչպիսիք են գրաբարաբան Շահան Վիտալը,լրագրող Տիգրան Եկաւեանը եւ բազմատաղանդ Վահան Գերովբեանըորոնք կրնան նոր լուսամուտներ բանալ:

Թող ձեր շուրջ հաւաքուած` ազգի վաստակաւոր գործիչները տեսնեն լուսամուտէն ներս թափանցող լոյսի նշոյլը, տեսնեն եւ ոգեւորուին: Թող հարցերը քննելէ անդին` տեսնենք հայապահպանութեան փայլուն օրինակներ` յաջող լուծումներ, եւ տարածենք զանոնք: Ընդհանրացնե՛նք, ժամանակը ուշ է: Ահա արեւուն տակ դրուած ձիւնի նման կը հալինք»:

Ո՛վ Պիքֆայայի ժողովականներ, բոլորին նման` մտահոգ եմ ազգով, ազգի ապագայով: Պէտք է քայլ պահել գիտական եւ հաղորդակցական արդի յառաջխաղացքին հետ: Հասկնալ` ի՛նչ է արհեստական բանականութիւնը: Արդի հաղորդակցութեան գործածութիւնը ընդհանրացնել, զարգացնել «Ուիքիփետիա»-ի, Եու Թիուպի հայկական ծրագիրները, ՄՈՒՔ-երու կրթական ծրագիրներ մշակել եւ բուռն կերպով ընդհանրացնել. ապա թէ ոչ` ինչպէ՞ս պիտի հասնինք Արեւմուտքի պատանիներու 98 տոկոսին, որոնց համար հայկական դպրոցը հասանելի չէ:

Մտահոգութիւններս վերջ չունին: Կան նոր եւ փոքր գաղութները` Նանթի, Ռոթերտամի, Պարսելոնայի. կայ Կրասնոտարիյիսուն հազար հայութիւնը, ուր ո՛չ հայկական դպրոց եւ ո՛չ հայկական եկեղեցի կայ, ուր հայեր իրենց նորածինները կը կնքեն ռուս ուղղափառ «քոյր» եկեղեցւոյ մէջ:

«Աստուա՛ծ օգնական, Ամենայն Հայոց վեհափա՛ռ հայր:

Խնդրում եմ` պատուիրէք Ձեր հօտի անդամներին, որ սպասեն ամառային արձակուրդներին` գալու մայր հայրենիք եւ նրա մայր եկեղեցու մէջ իրենց զաւակներին կնքելու:

Խնդրում եմ` բացատրէք Ձեր հօտին` ժողովրդին, ճիշդ բացատրէք, թէ ռուս ուղղափառ քոյր եւ զոյգ դուստր հայ եկեղեցիներից ո՛րն է մեզ հարազատ:

Խնդրում եմ` զգուշացրէք, որ հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական հոգեւորականը աւելի հարազատ են, քան օտարի` իկոնապատ խնկաբոյր եկեղեցու, իր մօրուքով ու վեղարով հարազատ թուացող քահանան, որ ակամայ սուր ակռաներով յափշտակում է մեր` Ձեր հօտի գառնուկներին` սուրբ մկրտութեան օտար կնիքով:

Ամենայն Հայոց վեհափա՛ռ հայր, թող Ձեր իմաստութեամբ լի խրատները, հայրական գոհաբանական օրհնութիւնները եւ քրիստոսավայել հեզահամբոյր սէրը իջնեն ամենայն հայոց վրայ եւ տարածուեն անդին. բնականաբար, ինչպէս առաքեալն է գրում, «նախ ազգակցիս, յետոյ` օտարին»:

Սիրելի՛ս, այս օրերս ամէն բանի արդին յարգի է`

քամերային եւ համակարգիչին,

խոհանոցին ու հագուստ կապուստին,

մտածելակերպին ու վարուելակերպին,

արժէքներուն ու բարոյականին:

Հինը կը ծալենք, կը փաթթենք, կը վերցնենք,

պահարանէն ձեղնայարկ, ձեղնայարկէն աղբաման,

հինը կը վերցնենք, կը թափենք, կ՛այրենք,

կ՛այրենք` թացը չորին հետ խառնած:

Կը թափենք «հին» կահ-կարասիները, կը պահենք Իքէան,

կը պահենք քիպորտը, կը թափենք թուղթն ու մատիտը

կը թափենք խոհանոցը, կը պահենք ֆասթ ֆուտը

կը թափենք յարաբերութիւնները, կը պահենք մեսեճները

կը թափենք ընտանեկան սրբութիւնը, կ՛որդեգրենք ազատականութիւնը,

կը թափենք դասականը, գեղեցիկը, կը պահենք արդին:

Սիրելի՛ս, այս օրերս ամէն բանի արդին յարգի է:

Ո՛վ Պիքֆայայի ժողովականներ, մէկ նիւթ կը փափաքէի դնել ձեր սեղանին վրայ: Իբրեւ ազգ` պիտի ունենա՞նք երկճիւղանի մէկ լեզու, մէ՛կ ուղղագրութիւն: Ո՞վ պիտի որոշէ: Ճիշդ պիտի չըլլա՞ր արդեօք դասականը, արմատականը` մեսրոպեան ուղղագրութիւնը հաստատել:

Հրեաները, նորէ՞ն իրենք, անցեալ դարու սկիզբը յանդուգն հաստատակամութեամբ որոշեցին իրենց արդի ետիշը փոխարինել դասական եբրայերէնով: Մեռած լեզուն կենդանացուցին:

Այսօր ուղղագրութեան ընդհանրացումը ունի ռազմավարական կարեւորութիւն: Գեղեցիկէն եւ արմատականը պահելու սկզբունքէն անդին` նաեւ ռազմավարական կարեւորութիւն ունի արեւմտահայերէնի պահպանումն ու անոր անվտանգութիւնը երաշխաւորելը:

Ո՞վ պիտի որոշէ: Քաղաքական մարդի՞կ, թէ՞ ձեզի նման տեսիլքի տէր մտաւորականներ:

Կը խնդրեմ` յաջորդ ցուցահանդէսէն` շոյէն առաջ, եզրակացութեան եկէ՛ք:

Հոգեւո՛ր հայրեր, հայրապետնե՛ր, ձեզմէ զատ արդեօք ո՞վ կրնայ այսպիսի որոշում տալ: Մեր երկճիւղանի ծառին մէկ ճիւղը եթէ յանկարծ, Աստուա՛ծ չընէ, չորանայ, կը վտանգուի արդէն երկրորդ ճիւղը, ապա ինքը` ծառը:


«Ժողովը շատ լաւ կ՛ընթանայ. երբեմն խօսակցութիւնը կը սրի»:

 «Արդարեւ, ինչպէս մէկ մարմնի մէջ ունինք շատ անդամներ, եւ այդ բոլոր անդամները միեւնոյն պաշտօնը չունին, նոյնպէս մենք, շատ ըլլալով, բոլորս ալ մէ՛կ մարմին ենք»: *

«Արդարեւ՝ ինչպէս մէկ մարմնի մէջի ունինք շատ անդամներ, եւ այդ բոլոր անդամները միեւնոյն պաշտօնը չունին, նոյնպէս մենք՝ շատ ըլլալով՝ բոլորս ալ մէ՛կ մարմին ենք:» *  

Թէ՛ հայաստանցի, թէ՛ սփիւռքահայ,

Թէ՛ արեւելահայ, թէ՛ արեւմտահայ,

Թէ՛ էջմիածնական, թէ՛ անթիլիասական,

Թէ՛ դաշնակցական, թէ՛ հնչակեան, թէ՛ ռամկավար,

Թէ՛ առաքելական, թէ՛ կաթողիկէ, թէ՛ աւետարանական,

Թէ՛ պոլսահայ, թէ՛ լիբանանահայ, թէ՛ պարսկահայ,

եւ դեռ` թէ՛ դեմոկրատ, թէ՛ լիպըրըլ, թէ՛ համաաթլանթիստ, թէ՛ համափութինիստ:

 «… Ուրեմն, եղբայրնե՛ր, մարմնին բոլոր անդամները զանազան են, սակայն մէ՛կ մարմին են. աչքը չի կրնար ըսել ձեռքին` «Պէտք չունիմ քեզի», եւ ո՛չ ալ գլուխը ոտքերուն` «Պէտք չունիմ ձեզի»: Կ՛աղաչե՛մ ձեզմէ ամէն մէկէն, Աստուծոյ կարեկցութեամբ, որ ամէն մէկը իր մասին աւելի բարձր համարում չունենայ, եւ ինչ որ պէտք է մտածէ, խոհեմութեա՛մբ մտածէ: Իրարու հանդէպ գորովալի՛ց եղէք` եղբայրական սիրով. պատուելու մէջ զիրա՛ր գերադասեցէք: Փութաջանութեան մէջ ծոյլ մի՛ ըլլաք. եռանդո՛ւն հոգիով ծառայեցէք: Որքան կարելի է ձեզի` խաղաղութի՛ւն պահեցէք ամէն մարդու հետ»: *

Կը մաղթեմ, որ վեհափառ հօր տուած կայծը տարածուի` լոյս բերելով մինչեւ աշխարհի ծայրերը:

Ժողովականներուն կը մաղթեմ «մանանեխի հատիկի չափ հաւատք»**, որ լեռները տեղափոխեն:

Մէկ մարմնի պէս, սպառազինուած` գերազանց սիրով, որ հոգեւոր արժէքներէն մեծագոյնն է:

* 1 Կորնթ. 12, Հռոմ. 12

** Ղուկաս 17:6

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *