Search
Close this search box.

Կը կանչեմ քեզ, Լիբանան

Սեդա Ազնաւուր կ'երգէ (այստեղ).

«Իմ դրախտիս մէջ կրակ կայ, իմ դրախտիս՝ Լիբանանի,
Երանի ամբողջ աշխարհը սիրէր իմ դրախտս՝ Լիբանանը,
Բայց շատեր կը նախանձէին քեզի, Լիբանան,
Իմ սիրելի Լիբանան, դուն Սփիւռքի սիրտն էիր»:

Արդարեւ, Լիբանան Սփիւռքի բաբախող սիրտն է:
Իր դպրոցները՝ Հայ Աւետարանական Գոլէճը, Յովակիմեան-Մանուկեանը, Ճեմարանը, Մեսրոպեանը եւ այլն, սերունդներ պատրաստած են, ներառեալ՝ Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր մը:
Իր աստուածաբանական հաստատութիւնները՝ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Դպրոցը եւ Զմմառի Պատրիարքական միաբանութիւնը, արեւմտեան Սփիւռքին տուած են հոգեւոր հայրեր:
Հայկազեան համալսարանը,– Սփիւռքի միակ հայկական համալսարանը,– պատրաստած է մանկավարժներ: Լոյս եւ գիտութիւն տարածած է: Միջին Արեւելքի մէջ առաջին հաստատութիւնը եղած է, ներառեալ՝ Իսրայէլի եւ Իրանի մէջ, որ 1960-ականներու սկիզբը (տե՛ս այստեղ) հրթիռարձակում իրականացուցած է այն աստիճան, որ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրները միջամտած են՝ կասեցնելու ծրագիրը:

Cedar III Rocket launched in 1962 by Haigazian College

2019-ին սկիզբ առած լիբանանեան տնտեսական ճգնաժամը, անոր յաջորդած պսակաձեւ ժահրը, 4 Օգոստոս 2020-ին տեղի ունեցած պայթումը, շրջանային ու քաղաքական ճգնաժամը Լիբանանը ծունկի բերած են՝ նուազագոյն ամսավարձը հասցնելով 25 ամերիկեան տոլարի, ինչը աշխարհի ամենացածերէն մէկն է, եւ իր բնակչութեան 70 տոկոսը, ներառեալ՝ հայ փոքրամասնութիւնը, ծայրայեղ աղքատութեան (տե՛ս այստեղ), որ հերթի կը կանգնի հաց գնելու համար:

Մինչ Եթովպիոյ մէջ քաղաքական վտանգաւոր ապակայունացում կը տիրէր 1991-ին, Իսրայէլ եւ հրէական կազմակերպութիւնները ի մի եկան, ծրագրեցին, ֆինանսաւորեցին եւ իրականացուցին 14 325 եթովպացի հրէաներու տեղափոխումը Իսրայէլ՝ 36 ժամ անընդմէջ թռիչքներով (տե՛ս այստեղ):

Մեր ժողովուրդին պարագան տարբեր է ֆալաշաներու պարագայէն, որոնք մեծ մասամբ ագարակապաններ էին եթովպական լեռնաշխարհին մէջ, մինչդեռ արեւմտեան Սփիւռքի բաբախող սիրտը՝ Լիբանան, ռազմավարական նշանակութիւն ունի ազգին համար:
Դուք ձեզի հարցուցա՞ծ էք, թէ ինչո՛ւ հրէական կազմակերպութիւնները եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, Իսրայէլի պետութիւնը կը ֆինանսաւորեն Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Իտիշ մշակոյթը: Գիտէ՞ք, թէ քանի՛ Իտիշ ֆիլմեր կան «Netflix»-ի մէջ:
Ճիշդ է, որ հայերէն խօսիլը պարտադիր պայման չէ հայ ըլլալու, բայց եթէ ժողովուրդ մը զրկես իր մշակոյթէն, ան կը կորսնցնէ ինքնութիւնը, որմէ ետք ան լրիւ կը կորսուի:
Եւ Աստուած մի՛ արասցէ, եթէ յանկարծ մեր երկփեղկուած ծառի ճիւղերէն մէկը չորնայ, կը վտանգուի երկրորդ ճիւղը, իսկ յետոյ՝ ամբողջ ծառը:

Սփիւռքը չէ սպառած: Պէտք է պարզապէս հաւաքական գիտակցութեամբ՝ համախմբուի, օրակարգ սահմանէ եւ գործի անցնի: Օրակարգի խնդիրներէն պէտք է ըլլայ լիբանանահայ համայնքին տէր կանգնիլ:

Մեզի անհրաժեշտ է աշխատանքային խումբ մը կատարելու ռազմավարական կշռադատուած ուսումնասիրութիւն մը՝ ապահովելու Լիբանանի եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մեր համայնքներու բարեկեցութիւնը, ամրապնդելու մեր հաստատութիւնները՝ արեւմտահայ ժառանգութեան պահպանման հեռանկարով:

Մեր ժողովուրդը յայտնի է որպէս ստեղծագործ ու աշխատասէր: Բայց պէտք է յարմարինք համաշխարհային հոլովոյթին. որոշ առեւտուրներ անկում կ'ապրին, ուրիշներ՝ վերելք: Մենք պէտք ունինք ղեկավարութեան՝ առաջնորդելու, ձեռնարկատէրերու՝ աշխատատեղեր հիմնելու եւ նոր աշխատատեղերու մէջ մարդիկ պատրաստելու: Մեզի խորհրդատուներ պէտք են, որպէսզի մեր երիտասարդութիւնը յստակ պատկերացում կազմէ հեռավար աշխատանքներու մասին, ինչպիսիք են՝ 100 000 ֆրանսացի ուսանողներու առաջարկուող աշխատանքները Side -ի կամ Upwork -ի կողմէ, որ 17 միլիոն օգտատէր ունի:

Ելեկտրականութեան մատակարարումը, որ լուրջ խնդիր է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, այստեղ որպէս խոչընդոտ կը ներկայանայ: Մեր դպրոցներուն վառելանիւթ գնելու միջոցներ հայթայթելու փոխարէն մենք պէտք է մեր բոլոր հաստատութիւնները զինենք արեւային մարտկոցներով, գրադարաններ տեղադրենք, ուր մեր երիտասարդները կարենան երթալ եւ աշխատիլ իրենց դիւրաթեք համակարգիչներով:
Բացի այդ՝ մենք կրնանք ծրագրել հողմաշարժիչներ տեղադրել՝ ելեկտրականութիւն մատակարարելու Այնճարին, Քեսապին եւ անոնց հարեւան ոչ-հայկական շրջաններուն՝ այդպիսով քաղաքական յառաջխաղացք մը արձանագրելով. մենք կրնանք ծրագրել ու իրականացնել 5 միլիոն եւրոյի ներդրում՝ Պուրճ Համուտ կուտակուած թափօնները ճահճագազի վերածելու համար: Այստեղ նուիրատուութեան մասին չենք խօսիր, այլ ներդրումի մը, որ պիտի վերադարձուի 5-էն 7 տարի ետք:

Վերոնշեալներէն ամենապարզը՝ մեր դպրոցներուն մէջ արեւային մարտկոցներու տեղադրումն է, ինչը, սակայն, կը պահանջէ նախնական ուսումնասիրութիւններ, աղբիւրներու հաւաքում եւ գործադրում: Այսպիսի նախաձեռնութիւն մը աւելի դիւրին պիտի ըլլար իրականացնել, եթէ համախմբուէինք եւ ԱՄԷ հաստատուած ՄԱՍՏԱՐ-ի նման ընկերութեան հետ գործակցաբար ընդհանուր նախագիծ կազմէինք՝ 100 շէնք վերազինելու Լիբանանի եւ այլ երկիրներուն մէջ, ուր ելեկտրականութեան պակաս կայ:

Կը վկայակոչեմ պարոն Յարութ Սասունեանի՝ ամերիկահայ վեց խոշոր կազմակերպութիւններէ բաղկացած միաւոր կազմելու նախաձեռնութիւնը, իր զրոյցը ՀԲԸՄ-ի ատենի նախագահ հանգուցեալ տիկին Լուիզ Սիմոնի հետ, որ անմիջապէս համաձայնած էր միանալ, որուն հետ միասին՝ միւս բոլոր հինգ խումբերը՝ միեւնոյն ժամուն: 1989-ին էր այդ՝ երբ երկրաշարժի հետեւանքով հաւաքական արթնութիւն ստեղծուած էր: Այդ միասնական գործողութեան շնորհիւ հիմնուած խումբը յաջողեցաւ Հայաստան եւ Արցախ ուղարկել 947 միլիոն տոլարի մարդասիրական օգնութիւն՝ աջակցութեամբ պարոն Քըրք Քըրքորեանի, որ գնահատած էր այդ միասնութիւնը:
Մարտահրաւէրը ֆինանսաւորումը չէր, այլ միաւորումը, միասնական ոգին:

Ես կոչ կ'ընեմ Լիբանանի հայկական գլխաւոր կազմակերպութիւններուն, որ իրենց մայր կազմակերպութիւններուն աջակցութեամբ հիմնեն միացեալ հիմնադրամ մը, ուր իւրաքանչիւրը երկու լուման դնէ՝ մամլոյ հաղորդագրութեամբ յայտարարելով իր համագործակցութեան մասին: Այն ժամանակ Սփիւռքները պիտի լսեն ու կը փրկեն Սփիւռքի բաբախող սիրտը:

Յովէլ Շնորհօքեան

Յունուար 2021
Լը Րէնսի, Ֆրանսա

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

One Response

  1. I love your forward thinking and not crying what we have lost. You have leadership ability and I will support your endeavor. After all UNITY is essential when we see the need in our nation above our differences.
    May God Bless your endeavor.

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *