Search
Close this search box.

Հանգուցեալ դեսպան Ռուբէն Շուգարեանի ժառանգութիւնը

Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, բայց 2020 թուականի պատերազմէն առաջ, դեսպան Ռուբէն Շուգարեան, որ կեանքէն հեռացաւ երիտասարդ հասակին, 57 տարեկանին՝ 2020-ի սկիզբը, գրած է.
«Հայաստան ամբողջովին չկրցաւ իրականացնել մինչեւ 1997 Ռուսաստանի հետ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան պայմանագիրին ստորագրումը, բայց դեռ կրնայ իրականացուիլ, եթէ նոյն սխալները չկրկուին: Այդ ընելու համար անհրաժեշտ է պատշաճօրէն համապատասխանեցնել շարք մը արտաքին եւ ներքին նախադրեալներ:

Անկախութիւնը վերականգնելէ քսանհինգ տարի անց, իր ինքնիշխանութեան ամրապնդման աշխարհաքաղաքական այլընտրանք ստեղծելու երկրորդ փորձէն առաջ Հայաստան պէտք է համոզուի, որ հետեւեալ խնդիրները համարժէք լուծում ստացած են.

1. Հայաստան պէտք է իր տունը կարգուկանոն հաստատէ: Սա, անկասկած, դժուար գործ է, որ կարելի չէ իրականացնել մէկ օրուան մէջ: Այնուամենայնիւ, տակաւին յոյս կայ, որ ձեւաւորուող քաղաքացիական հասարակութիւնը այդ ընելու բաւականաչափ արագ ու արդիւնաւէտ միջոցներ կը գտնէ՝ կանգնեցնելու համար մարդոց զանգուածային արտագաղթը եւ վերականգնելու Հայաստանի հեղինակութիւնը՝ որպէս Կովկասի մէջ ժողովրդավարութեան կղզեակի: Փտածութեան եւ ընկերային անարդարութեան դէմ պայքարը գոնէ պէտք է հասնի նախագահ Սահակաշվիլիի Վրաստանի մակարդակին՝ անոր առաջին պաշտօնավարման ընթացքին:

2. Պէտք է համաձայնեցուին մշտապէս եւ կրկին հակամարտող պետական ու ազգային շահերը՝ որոշակի նախապատուութիւն տալով առաջինին: Հայաստանի պարագային, չնայած որ ան միատարր երկիր է, այս երկու հասկացութիւնները նոյնական կամ հոմանիշ չեն: Առաջինը կը պատկանի նոր, յետանկախական մտածելակերպին, որ ամբողջովին ձեւաւորուած չէ եղած եւ չէ ընկալուած ազգային մակարդակի վրայ. երկրորդը կը պնդեն աւանդական մտածողութեան ջատագովները: Հասկնալի պատճառներով՝ Սփիւռքը աւելի շատ է վերջինիս բնական կրողը, բայց նոյնիսկ աշխարհի 90 երկիրներու մէջ տարածուած հայկական համայնքներու մէջ պէտք է կամք ըլլայ՝ գտնելու ճիշդ հաւասարակշռութիւն երկուքին միջեւ՝ այդպիսով հաշուի առնելով մինչեւ այսօր սխալ ընկալուած եւ յաճախ թերագնահատուած պետութեան շահը: Հաշտուիլ նոր իրողութեան հետ՝ կը նշանակէ հասկնալ ինքնիշխանութեան բարձրագոյն արժէքը՝ դարերով առանց պետականութեան գոյութիւն ունենալէ ետք:

3. Ազգային ինքնութեան շուրջ լուրջ քննարկում, որ կրնայ յանգեցնել համահաւանութեան՝ այն հարցին շուրջ, թէ ուր կը գտնուի Հայաստան մշակութային եւ քաղաքական առումով, եւ ինչպիսի ընտրութիւն պէտք է կատարել երկրին համար աւելի բարեկեցիկ, կայուն եւ անվտանգ ապագայ ապահովելու նպատակով: Նման քննարկում մը պէտք է գաղափարախօսականացուի (ideologize) եւ կաշկանդուած ըլլայ ազգային անվտանգութեան իրական ու ենթադրեալ մտահոգութիւններու՝ երբեք չփոխուող շարքով. մտահոգութիւններ, որոնք պէտք է լուծուին ուրիշ տեղ: Ինքնիշխանութեան կարելի կորուստը պէտք է դրուի այս շարքի վերեւը՝ որպէս անվտանգութեան հիմնական սպառնալիք: Այս քննարկման արդիւնքը կրնայ ըլլալ երկարաժամկէտ ինքնագիտակցութիւնը, որ, ի վերջոյ, կ'ուրուագծէ Հայաստանի ապագայի իտէալական նպատակը միջազգային հանրութեան համար. ուրուագծում, որ չի խոչընդոտուիր անոր այսօր հասնելու անկարելիութեամբ, բայց ներդաշնակ է ազգի բնական եւ գիտակցուած ընտրութեան հետ»:

Ռուբէն Շուգարեան ամենահմուտ դիւանագէտներէն եւ ազդեցիկ մտաւորականներէն մէկն է, եւ այս հանգամանքը անոր բարձր կարգի որակաւորում կը հաղորդէր՝ ընդհանուր դիտարկումներ եւ առաջարկներ ընելու համար: Ան կը տիրապետէր հսկայական գիտելիքներու եւ փորձի՝ համաշխարհային (Ռուսաստան) եւ տարածաշրջանային (Թուրքիա, Իրան) տէրութիւններու ծաւալապաշտական ռազմավարութեան, ինչպէս նաեւ Արեւմուտքի այն շահերուն մասին, որոնք կը համապատասխանէին Ազրպէյճանի շահերուն: 2018-ի Ապրիլ 15-ին լոյս տեսած իր գիրքին վերջաբանին մէջ Շուգարեան ներկայացուցած է դիւանագիտական բաղադրատոմսեր, որոնք կրնային կանխել գալիք աղէտը: Ցաւօք, իրեն չէին հետեւեր թաւշեայ յեղափոխութեան առաջնորդները. այդ յեղափոխութիւնը իրադարձութիւն մըն էր, որուն հետ ան մեծ յոյսեր կը կապէր: Պատմութիւնը սորվեցուցած է իրեն, որ փոքր երկիրները ամենաբարձր գինը կը վճարեն խոշոր երկիրներու հետ կապուած հակամարտութիւններուն համար։ Շուգարեան կոչ կ'ընէր անմիջական գործընկերային յարաբերութիւնները բարելաւելու, առաջին հերթին, սեփական հարեւաններուն հետ:

Աւելորդ է ըսել, որ իր խօսքերը աննկատ մնացին:

Սպիտակ թուղթ. 2020-ի արցախեան պատերազմը եւ Հայաստանի արտաքին ու անվտանգութեան ապագայ քաղաքականութիւնը։

Ռոպերթ Այտապիրեան (Փարիզ)
Ժիրայր Լիպարիտեան (Պոսթըն)
Թալին Փափազեան (Էքս ան Փրովանս)

Յուլիս 2021

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *