Չորս տարի առաջ՝ «թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, Հայաստան ժողովրդավարութեան օրինակ էր: Յարգանքն ու համակրանքը, որ կը վայելէր երկիրը, այժմ քիչ-քիչ կը կորսնցնէ: Ոեւէ մարդ, ինչպէս նաեւ զինուորներ եւ քաղաքական առաջնորդներ կրնան ձախողիլ եւ դաս քաղել անկէ: Ներկայիս Հայաստանի մէջ մենք հակուած ենք նոյն սխալները թոյլ տալու՝ փոխանակ աւելի խոհեմ ու դիւանագիտական մօտեցում որդեգրելու՝ ամրապնդելու համար պետութեան ու բանակին կառուցուածքը: Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը եւ որոշ խմբակցութիւններ ցոյցեր կ'իրականացնեն Երեւանի փողոցներուն մէջ՝ խաթարելով հասարակական կարգն ու շաբաթներով կաթուածահար ընելով երթեւեկութիւնը: Կարելի է նշել, որ ցուցարարներուն միակ նպատակը գործադիր իշխանութեան հրաժարականն է: Անոնք չունին ո՛չ ստոյգ ծրագիր, ո՛չ ալ այլընտրանքային ղեկավարութիւն: Չորս տարի ընդդիմութիւնը իր ժամանակին մեծ մասը անցուցած է փողոցը խորհրդարանի աթոռներուն փոխարէն: Ցուցարարներուն թիւը չ'անցնիր 10-12 հազարը, եւ բնակչութիւնը, պատերազմէն ու անոր հետեւանքներէն ուժասպառ, կը ձգտի ընկերային խաղաղութեան: Հակառակ իշխանութենէն հիասթափութեան՝ չի միանար ընդդիմութեան, որ կը համարուի հին փտած վարչակազմի ժառանգորդը: Մեր թշնամիները կ'ուրախանան այս քաղաքական իրավիճակէն, առաջինը հերթին՝ Ալիեւը, որուն տապալումը կանխուեցաւ 44-օրեայ պատերազմին Հայաստանի պարտութեան շնորհիւ: Եւ ան կը սպառնայ ոչ միայն Սիւնիքին, այլ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին: Իսկ մենք, փոխանակ պայքարելու թուրք-ազրպէյճանական քարոզչութեան եւ անոնց ապատեղեկատուական արշաւին դէմ, մեր կեղտոտ լուացքը կը դնենք աշխարհին առջեւ: