Search
Close this search box.

Ինչո՞ւ Լուռ Է Սփիւռքը

2008-ին, Հայ-թրքական փրոթոգոլներու ստորագրութեան ժամանակ, սփիւռքի կարծիքին դիմած օրուան նախագահը դժգոհութեան մեծ ալիքի մը դէմ յանդիման գտնուեցաւ: Այդպէս ալ քաղաքական, շրջանային եւ միջազգային պայմաններուն բերումով Հայաստան յետս կոչեց այդ պայմանագիրը, եւ սփիւռքը իր ըսելիքը ըսաւ:
Այսօր, տխրահռչակ նոյեմբեր 9-ի յայտարարութենէն ետք, Հայաստանի օրակարգը ամբողջութեամբ Ռուսիոյ յանձնուած է, եւ այդ շրջանի հարցերու լուծումը Թուրքիա, Իրան եւ Ռուսիա շրջագիծին մէջ` փոխադարձ շահերու ու զիջումներու վրայ հիմնուած են, իսկ սփիւռքը լուռ դիտող է:

Էրտողան-Փաշինեան հեռաձայնային կապը, ընդհանրապէս հայ-թրքական յարաբերութիւններու գործընթացը, թրքական թափանցումն ու դերակատարութիւնը, ասոնց դիմաց Հայաստանի իշխանութեան միահեծան քաղաքականութիւնը եւ սփիւռքի նկատմամբ ցուցաբերուած անտեսումը սխալ եզրակացութիւններու կը տանի ընթացքը:
Անկախութենէն ի վեր սփիւռքը այս աստիճան անտեսուած չէր:
Անտեսուած է, որովհետեւ ազգային գաղափարախօսութեան հիմքերը զօրաւո՞ր են:
Անտեսուած է, այնքան ատեն որ Հայաստանի իշխանութեան հակակշիռին տակ չե՞ն գաղութները: Օրինակի համար` կարգ մը երկիրներու մէջ նոր կազմակերպութիւններ ստեղծելու երեւոյթը, սփիւռքի յանձնակատարին միջամտութիւնները, ընդհանրապէս կարեւոր օրակարգերով Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ աւանդական կուսակցութիւններու հետ խորհրդակցութեան պակասը:

Կարեւոր հարցերէն մէկը այն է, որ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունին մեծ թիւով քաղաքական գործիչներ, բայց` ոչ պետական գործիչներ: Տարբերութիւնը մեծ է: Կրնաս քաղաքական կեանքին մէջ լաւ, աշխուժ, տպաւորիչ եւ ժողովրդային դէմք ըլլալ, բայց պետական մտածողութիւն չունենալ, եւ այդ մէկը շատ վատ անդրադարձ կ՛ունենայ ընդհանրապէս աշխատանքին եւ մասնաւորապէս հայրենիքի ապագային վրայ:
Փաստօրէն Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները այն չեն, ինչ որ էին նախապէս, եւ հարցը մտածողութեան, ըմբռնողութեան, պետականութեան ամրացման, ազգային դիմագիծի, իրաւունքներու կառչած ըլլալու, հասկնալու, լսելու եւ հասկցուելու կը վերաբերի:
Սփիւռքը լո՞ւռ է Հայաստանի հաշուոյն: Սփիւռքը լուռ է պառակտումը չխորացնելո՞ւ համար: Սփիւռքը լուռ է յուսախաբութեա՞ն պատճառով:
Սփիւռքի լռութիւնը պէտք է մտահոգէ Հայաստանի պետութիւնը:

Սփիւռքի լռութիւնը պէտք է զգաստացնէ Հայաստանի քաղաքական գործիչները:
Պէտք է լաւ գիտնան, որ սփիւռքը պատմութիւն ունի: Սփիւռքը Հայաստանի համար քաղաքական, տնտեսական, ներուժի, մշակութային, առողջապահական, կրթական եւ մարդասիրական աղբիւր է:
Այս աշխատելաոճը որքա՞ն կը նպաստէ պայծառ ապագայի կերտման` չեմ գիտեր: Բայց վստահաբար չի՛ նպաստեր: Հարցը այն չէ, թէ ո՛վ է վարչապետը, ո՛վ է ընդդիմութիւնը, ո՛վ է մեծամասնութիւնը: Հարցը այն է, որ Հայաստանը վտանգուած է, եւ այդ մէկը չզգալը, չտեսնելը, չապրիլը շատ վատ հետեւանքներ կրնայ ունենալ:
Սփիւռքի լռութիւնը մտահոգիչ է:

Սփիւռքի լռութիւնը մտահոգութիւն պէտք է ըլլայ այսօրուան իշխանաւորներուն: Սփիւռքը ոտնձգութիւններով, սուտ եւ շինծու դէմքերով չի փոխարինուիր: Սփիւռքը ունի իր տէրը: Սփիւռքի տէրը Արեւմտահայաստանի հայութիւնն է: Այս նրբութիւնը պէտք է գիտնան քաղաքական գործիչները, եւ եթէ գիտնան, պետական գործիչ կ՛ըլլան:

Հեղինակ՝ Յակոբ Լատոյեան, հրապարակուած «Ազդակ Օրաթերթ»-ին մէջ 20 Յուլիս 2022-ին:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *