Պանկլատեշի Տաքայի հայկական եկեղեցին կառուցուած է 1781 թուականին, եւ հակառակ անոր, որ տակաւին Եունեսքոյի կողմէ պաշտօնապէս չէ ճանչցուած իբրեւ համաշխարհային ժառանգութեան հնավայր, եկեղեցին ունի հսկայական մշակութային պատմութիւն եւ ժառանգութիւն:
Երկու հարիւր քառասուներկու տարի առաջ, փոքրիկ համայնք մը հաւաքուեցաւ եւ դրաւ եկեղեցւոյ հիմքերը։ Երկու հարիւր քառասուներկու տարի անց, անիկա տակաւին կանգուն է։ Վկայութիւն մը այն տարիներու հայ համայնքին մասին, որուն կեանքը կեդրոնացած էր քրիստոնէական այս տաճարին շուրջ: Բոլորովին վերջերս՝ 1990-ականներուն, անիկա յայտնուեցաւ ամբողջական կործանման եզրին: Սակայն յամառ ու բոլորովին ուշագրաւ հայու մը՝ պարոն Մայքլ Մարթինի համար, եկեղեցին ինքնին պատմութիւն կը սեպուի. բան մը, որուն կը հանդիպէիր միայն գիրքերու մէջ, եւ ոչ թէ իրականութեան գետնի վրայ: Եկեղեցին կրցած է անցեալին թողուլ այդ դժուարին շրջանը՝ բացարձակապէս պարոն Մարթինի փրկարարական գործողութիւններուն շնորհիւ:
Ներկայիս պահապան կոմիտէն կ’օգտագործէ այդ ժառանգութիւնը՝ ապահովելու եկեղեցւոյ շարունակականութիւնը՝ կեդրոնանալով երկարաժամկէտ նպատակներու վրայ, որոնցմէ, ի շարս կրթական նպատակին, ամէնէն կարեւորն է՝ Ասիոյ այս հատուածին մէջ նմանը չունեցող հայկական ժառանգութեան պահպանումը: